Որոնել

A general view shows makeshift shelters at the Mugunga camp for internally displaced people, outside Goma

Քահանայապետին ցաւը Քոնկոյի մէջ տեղահաններու կեդրոնի մը վրայ յարձակումին համար

«Անգամ մը եւս դատապարտելով հակամարտութիւններու լուծման համար բռնութեան բոլոր արարքները, բռնութիւն որուն առաջին զոհերն են աղքատներն ու ամենաանապահովները, Ֆրանչիսկոս Պապը Քոնկոյի ժողովուրդը կը հրաւիրէ վառ պահելու յոյսը և կոչ կ՛ուղղէ բոլոր քաղաքական դերակատարներուն վճռականութեամբ աշխատելու ի սպաս խաղաղութեան և եղբայրութեան» կը կարդանք հեռագիրին մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրով մը ուղղուած Քոնկոյի Կոմա թեմի եպիսկոպոսին Ֆրանչիսկոս Պապը դատապարտեց Մուկուկա ճամբարին դէմ անցեալ 3 մայիսին կատարուած յարձակումը «ցաւ» յայտնելով այդ «անարի յարձակումին համար» որուն պատճառաւ զոհուեցան 17 անձինք եւ վիրաւորուեցան այլ 35 անձեր։

Քահանայապետը «մօտիկ է բոլոր անոնք որոնք թիրախ եղան այս կոյր ատելութեան արարքին որ չի խնայեց ոչ իսկ մանուկները» գրած է Կարդինալ Փարոլինը ցաւակցագիրին մէջ ապահովեցնելով նաեւ Քահանայապետին աղօթքները բոլոր զոհերու ընտանիքներուն ու վիրաւորներուն։

«Անգամ մը եւս դատապարտելով հակամարտութիւններու լուծման համար բռնութեան բոլոր արարքները, բռնութիւն որուն առաջին զոհերն են աղքատներն ու ամենաանապահովները, Ֆրանչիսկոս Պապը Քոնկոյի ժողովուրդը կը հրաւիրէ վառ պահելու յոյսը և կոչ կ՛ուղղէ բոլոր քաղաքական դերակատարներուն վճռականութեամբ աշխատելու ի սպաս խաղաղութեան և եղբայրութեան» կը կարդանք հեռագիրին մէջ։

Անցեալ ուրբաթ օր` Մուկունկայի տեղահաններու ճամբարը թիրախ դարձաւ օր երկու պայթումներու, ճիշտ այնտեղ ուր անցեալ 2023ի Յունուարին սրբազան քահանայապետը նուիրած էր ջրամբարը։ Այդ ճամբարին մէջ համախմբուած էին մարդիկ որոնք փախուստ տուած են Քոնկոլական եւ M23 ըմբոստներու միջեւ հակամարտութիւններու պատճառաւ։ Զոհերուն մեծամասնութիւնը կին ու մածուկներ են եւ բացի մարդկային զոհերէն կան նաեւ ենթակառուցուածքային զգալի վնասներ։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2024, 08:29