Որոնել

2022.12.15  Stampa - Giornalisti

Մամուլի Ազատութեան միջազգային Օրուան առիթով Սրբազան Պապին գրառումը

Քահանայապետը կ՛ընդգծէ Մամուլի ազատութեան կարեւորութիւնը որպէս հիմնական տարր զարգացնելու խելամիտ քննադատական զգացողութիւն7 որուն միջոցաւ կարելի ըլլայ զանազանել սուտը ճշմարտութենէն ու գործելու վասն արդարութեան, խաղաղութեան և արարչագործութեան նկատմամբ յարգանքի։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Մամուլի ազատութիւնը հիմնական է, զարգացնելու համար խելամիտ քննադատական​​զգացողութիւն և սորուիլ զանազանել ճշմարտութիւնը սուտէն ու աշխատիլ ոչ գաղափարական ճանապարհով՝ յանուն արդարութեան, խաղաղութեան և արարչագործութեան նկատմամբ յարգանքի» գրառումն է սա զոր Ֆրանչիսկոս Պապը կատարեց այսօր` 3 Մայիսին, որ միջազգայնօրէն ճանչցուած է, որպէս Մամուլի Ազատութեան միջազգային Օր եւ ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած է 1993-ի դեկտեմբերի 20-ին եւ սկսած է յիշատակուիլ 1994էն սկսեալ նպատակ ունենալով արժեւորել մամուլի ազատութիւնը եւ կառավարութիւններուն յիշեցնել իրենց պարտաւորութիւնը թիկունք կանգնելու եւ յարգել տալու 1948-ի Մարդու Իրաւունքներու Հռչակագիրի 19րդ յօդուածին մէջ պարունակուած խօսքի ազատութեան վերաբերող օրէնքը։

Քահանայապետը իր կատարած վերոնշեալ գրառումին մէջ կ՛ընդգծէ Մամուլի ազատութեան կարեւորութիւնը որպէս հիմնական տարր զարգացնելու խելամիտ քննադատական զգացողութիւն որուն միջոցաւ կարելի ըլլայ զանազանել սուտը ճշմարտութենէն ու գործելու վասն արդարութեան, խաղաղութեան և արարչագործութեան նկատմամբ յարգանքի։

 

 

 

 

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2024, 13:30