Որոնել

«Ընկալել կոչումը ու յանդուգն ըլլալ առաքելութեան մէջ» Քահանայապետին խրատը Վերոնայի կղերական դասին

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը միօրեայ հովուական այցելութեամբ կը գտնուի Վերոնայի մէջ ուր առաջին հանդիպումը ունեցաւ քաղաքի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, այնտեղ համախմբուած քահանաներուն ու նուիրեալ անձերուն հետ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 18 Մայիս 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան կանուխ ուղղաթիռով մեկնեցաւ Վատիկանէն եւ ուղղուեցաւ Իտալիոյ հիւսիսը գտնուող Վերոնա քաղաք ուր ժամանեց գրեթէ մէկ ու կէս ժամ տեւած թռիչքէ մը ետք ` Վերոնայի Պենթեկոտի մարզադաշտի մօտակայքը գտնուող հրապարակի մը վրայ եւ դիմաւորուեցաւ տեղւոյն եպիսկոպոս Գերապայծառ Տոմեինքօ Փոմփիլիի, Վենեթօ Նահանգի նախագահ Տիար Լուքա Ծայայի , Վերոնայի ոստիկանապետ Տեմեթրիօ Մարթինոյի եւ Վերոնայի քաղաքապետ Տամիանօ Թոմմազիի կողմէ։

Քահանայապետը ապա անմիջապէս ուղղուեցաւ քաղաքի Աթոռանիստ Եկեղեցի, որ նուիրուած է Սուրբ Զենոյին ուր, այս հովուական այցելութեան առիթով, ի ցուցադրութիւնը դրուած էր Սուրբին դամբանը եւ ուր Սրբազան Պապը հանդիպում ունեցաւ Վերոնայի Թեմին քահանաներուն ու կրօնաւորներուն հետ։

Սրբազան Պապը Վերոնայի մէջ
Սրբազան Պապը Վերոնայի մէջ

Հանդիպումին սկիզբը Սրբազան Պապը ողջունեց փակեալ կրօնաւորուհիներու խումբ մը, որ Քահանայապետի այցելութեան առիթով արտօնութիւն ունեցած էին դուրս գալ աբբայարանէն։ Ան ապա ներկաներուն ուղղեց ճառ մը որուն սկիզբը Եկեղեցին նմանեցուց Տիրոջ նաւուն, որ կը «նաւարկէ պատմութեան ծովուն մէջ բոլորին տանելու համար Աւետարանի ուրախութիւնը», ըսաւ Ան ապա խօսքը կեդրոնացուց երկու կէտերու վրայ` կոչումը, ապա առաքելութիւնը։

Կոչում եւ առաքելութիւն

«Ընկալուած կոչումը որ պէտք միշտ ընդունիլ եւ առաքելութիւնը, զոր պէտք է կատարել համարձակութեամբ»

Խօսելով առաջին կէտի մասին Սրբազան Պապը յիշեց Յիսուսի առաջին աշակերտներուն կոչումը` երկու ձկնորս եղբայրներ, որոնց Յիսուս կը հանդիպի եւ ասկէ մեկնելով հաստատեց թէ «քրիստոնէական կեանքի սկիզբը կայ Տիրոջ հետ հանդիպումի փորձառութիւնը, որ կախուած չէ մեր արժանիքներէն կամ մեր պարտաւորութիւններէն, այլ այն սէրէն, որով Ան կու գայ մեզ փնտռելու» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով նաեւ թէ քահանայական ու կրօնաւորական կոչումը եւս պտուղն է Տիրոջ շնորհքին որ մեզ ընտրեց հակառակ մեր տկարութիւններուն։

Ֆրանչիսկոս Պապը Վերոնայի մէջ
Ֆրանչիսկոս Պապը Վերոնայի մէջ

Պատասխանել կոչումին

«Մեր առաքելութեան հիմքը կը կայանայ կոչումին համապատասխանելու մէջ, ընկալելով պարգեւը որով Աստուած մեզ անակնկալի դիմաց դրաւ։ Եթէ մենք կորսնցնենք այդ յիշատակը, վտանգը կայ որ կիզակէտ ընտրենք մենք զմեզ եւ ոչ թէ Տէրը» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը, անգամ մը եւս շեշտելով թէ պէտք չէ մոռնանք, որ Տէրն է մեզ ընտրողը եւ եթէ այս մէկը յիշենք, դժուարութիւններու դիմաց պիտի չվհատինք, վստահելով Տիրոջ «որ մեզ երբեք մինակ պիտի չթողու» յարեց ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով միւս աշակերտներուն որոնց կը հանդիպի Տէրը երբ անոնք ամբողջ գիշեր մը ձկնորսութիւն կատարելով չէին յաջողած բան մը որսալ եւ Յիսուս զանոնք կը ցնցէ ու կը խրախուսէ չի վհատելու այլ դարձեալ փոր մը կատարելու եւ ուռկանները ծով նետելու եւ այդ ընելէն ետքը անոնց այլեւս կարող չէին ուռկանները քաշել ձուկերուն մեծ քանակութեան պատճառաւ»։

Ֆրանչիսկոս Պապը Վերոնայի մէջ
Ֆրանչիսկոս Պապը Վերոնայի մէջ

Յանդգնութիւնը` պարգեւ

«Յանդգնութիւնը, ըսաւ Քահանայապետը, պարգեւ մըն է զոր այս Եկեղեցին կը ճանչնայ լաւապէս» եւ ակնարկեց տեղական քահանաներուն ու կրօնաւորներուն գործունէութեան, «մարմնացնելով Աւետարանի մարգարէութիւնը»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ քաջալերեց քահանաները Աստուծոյ ողորմութիւնը տանելու ամենուրէք եւ խոստովանահայրերէն խնդրեց միշտ ներում շնորհել ցոյց տալով այդ ողորմութեան ու սիրոյ նշանը։

«Մենք ըսաւ ապա Ան պէտք ունինք հաւատքի մը որ թարգմանուի առաքելութեան յանդգնութեան` վկայութեան, հռչակումի յանդգնութիւնը, հաւատքի մը ուրախութիւնը որ կը գործէ սիրոյ միջոցաւ...մենք բոլորին պէտք է տանինք Աստուծոյ ողորմութեան շոյանքը, յատկապէս անոնց որոնք ծարաւն ունին յոյսի» յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը քաջալերելով բոլոր ներկաները «փոթորիկին մէջ չի յուսալքուելու» ըլլալու յանդուգն, Եկեղեցի մը որ մօտիկ է ճամբաներու եզրին հանդիպած անձերուն ու կը խնամէ անոնց վէրքերը, որ կը վկայէ Աստուծոյ ողորմութիւնը»։

Մէջբերելէն ետք Սուրբ Զենոյի խօսքերը Քահանայապետը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց կղերական դասի անդամներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին Տիրոջ։ «Յառաջ ընթացէք արիութեամբ» ըսաւ Ան «անվախ, որովհետեւ Տէրը միշտ մեր հետն է. Ղեկը Անոր ձեռքերուն մէջ է, Ինքն է որ մեզ կ՜առաջնորդէ ու մեզի թիկունք կը կանգնի։ Մեզի կ՜իյնայ ընկալել կոչումը ու յանդուգն ըլլալ առաքելութեան մէջ»։

Ֆրանչիսկոս Պապը Վերոնայի մէջ
Ֆրանչիսկոս Պապը Վերոնայի մէջ

Վերոնան սիրոյ քաղաք

Քահանայապետը ճառը աւարտեց ներկաներուն մաղթելով «կարող սրբութիւն մը», կենդանի հաւատք մը որ յանդուգն սիրով Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սերմանէ առօրեայ կեանքի իւրաքանչիւր իրադարձութեան մէջ»...Յանձնառու ըլլանք ամենուրէք սերմանելու սէր մը որ աւելի զօրեղ ըլլայ ատելութենէն ու մահուընէ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ Շեքսփիրի հանճարին որ այս վայրէն ներշնչուելով է` որ պատմեց երկու սիրահարներու պատմութիւնը, եւ ասկէ մեկնելով յորդորեց Վերոնան մտածել որպէս սիրոյ քաղաք»։

«Թող Աստուծոյ սէրը ձեզի ընկերանայ եւ ձեզ օրհնէ եւ բարեհաճեցէք չմոռնալ ինծի համար աղօթել» ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով ճառը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2024, 09:07