Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աղօթելու աշխարհի խաղաղութեան համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 29 մայիսին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ ներկայացուցած ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղելով իր աղօթքը ապահովուեց Փափուա Նովա Կինէայի մէջ սողանքէն զոհուածներուն դիտաւորութեան հայցելով տիրոջմէ, որ մխիթարէ զոհուածներու ընտանիքները, ու բոլոր անոնց, որոնք մնացին անտուն ինչպէս նաեւ Փափուայի ժողովուրդին, «որոնց հետ Աստուծոյ կամքով պիտի հանդիպիմ յառաջիկայ սեպտեմբերին։ ըսաւ Սրբազան Հայրը ։
Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ Իտալիոյ Նովարա քաղաքին մէջ անցեալ կիրակի օրը երանելի հռչակուած հայր Ժուզէփփէ Ռոսին. « Քահանայ, նահատակ, բարեգործութեան նախանձախնդիր ժողովրդապետ, որ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ողբերգական շրջանի երբեք չլքեց իր հօտը այլ պաշտպանեց զայն մինչեւ իր արեան թափումը»5 ըսաւ Սրբազան Հայրը մաղթելով որ Երանելի Յովսէփ Ռոսսիին մարտիրոսական վկայութիւնը օգնէ բոլորիս քաջութեամբ դիմակայելու կեանքի դժուարութիւնները։
Նորին Սրբութիւնը յիշեց Ուքրանիան, ըսելով անցեալ օր ընդունած է պատերազմներէն այրուածքներ ստացած ու ոտքերը կոտրած տղաներ եւ աղջիկներ «Պատերազմը միշտ դաժան է։ Այս տղաներն ու աղջիկներ պէտք է սկսին քալել, շարժիլ արհեստական ձեռքերով… անոնք իրենց ժպիտը կորսնցուցին» ըսաւ Քահանայապետը ընդգծելով, որ շատ շատ տխուր է երբ մանուկ մը կը կորսնցնէ ժպիտը հրաւիրելով աղօթելու Ուքրանացի մանուկներուն համար։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց չմոռնալու նաեւ պատերազմէն տառապող Պաղեստինն ու Իսրաէլը , չմոռնալու Միանմարն ու հակամարտութիւններուն մէջ գտնուող շատ մը երկիները դիտել տալով, որ Պատերազմին մէջ մանուկները կը տառապին ու հրաւիրելով աղօթելու Տիրոջ, որպէսզի մօտիկ կ՝անգնի բոլորին եւ պարեգւէ խաղաղութեան շնորհքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ