Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ օրհնեց «չնուածներու ձայնը» անուան զանգակը Ֆրանչիսկոս Պապ օրհնեց «չնուածներու ձայնը» անուան զանգակը 

Ֆրանչիսկոս Պապ օրհնեց «չծնուածներու ձայնը» զանգակը

Ֆրանչիսկոս Պապ այսօր օրհնեց «ծնուածներուն ձայն» անուան զանգակը զոր պիտի փոխադրուի Ղազախստան։ «Այս զանգակը մեզի կը յիշեցնէ մարդկային կեանքը պաշտպանելու կարեւորութիւնը՝ բեղմնաւորումէն մինչեւ բնական մահ» ըսաւ Սրբազան քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ 15 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ օրհնեց «չծնուածներուն ձայն» անուան զանգակը, որ պիտի փոխադրուի Ղազախստան։ «Վատիկանի Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին,Ղազախստանի Ասթանա թեմի արք գերապայծառ Թոմազ Փեթա յարեց թէ «զանգակի օրհնութիւնը շատ ընտանեկան եւ անձնական էր։ Յայտնի էր Պապին մեծ ուրախութիւնը։ Պապը մանուկներուն հետ միասին հնչեցուցին առաջին զանգը։ Դա մեծ իրադարձութիւն է, քանի որ մինչեւ բնական մահ կեանքը պաշտպանելու հարցը համաշխարհային խնդիր է», ըսաւ գերապայծառը։

Զանգակը օրհնելէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց նաեւ Życiu Tak հիմնադրամը, որ ստեղծեց այս նախաձեռնութիւնը ու կը կրէ Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ յղութեան տիտղոսը։ Յիշեալ Հիմնադրամի տնօրէն Պոտկան Ռոմանիւք, «Վատիկան նիւզ»ի յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապ երբ օրհնեց առաջին զանգակը մաղթեց, որ այդ զանգակը արթնցնէ օրէնսդիրներուն խիղճերը եւ անձերու բարի կամքը՝ կեանքի պաշտպանութեան ներքեւ։

Նշենք, որ «Չծնուածներուն ձայն» առաջին զանգակը իրականացուած է Լեհաստանի մէջ 2020ին։ Զանգակի վրայ փորագրուած է «մի սպաներ» հինգերորդ պատուիրանը։ Առաջին անգամ հնչեցուցած են Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ, 23 սեպտեմբեր 2020ին, Վատիկանի մէջ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին։ Այլ զանգակներ ստեղծուած են 2022ին՝ Ուքրանիոյ եւ Էքուատորի համար, 2023ին՝ Զամպիայի համար, իսկ 2024ին ՝Ղազախստանի համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2024, 11:53