Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Պուտիսթ վանականներու հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Պուտիսթ վանականներու հետ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ Պուտիսթ վանականներուն. Բոլորս համագործակցինք աւելի ներառական աշխարհի համար

Ֆրանչիսկոս Պապին 27 մայիսին պաշտօնական հանդիպումները եւ Պուտիսթ վանականներուն ուղղած պատգամը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 27 մայիսին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին պաշտօնական գործունէութիւնները սկսան, եկեղեցական, քաղաքական, կրօնական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն հետ յաջորդաբար ընդունելութիւններով։

Նորին Սրբութիւնը նախ ընդունեց, Հաւատոյ Վարդապետութեան վերատեսչութեան, վերատեսուչ, Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնատեսը, Հաղորդամիջոցներու վերատեսչութեան վերատեսուչ, տոքթ Փաուլօ Ռուֆինին, Սան Էճիտիոյ հասարակութեան հիմնադիր, Փրոֆ Անտրէ Ռիքատրտին, Տիար Քարոլոս Ռէյմունտի, Տոմինիքեան հանրապետութեան նախագահ, Տիար Լուիս Ապինատեր։ Այսօր՝ Նորին Սրբութեան ապա այցելեց Թայլանտի Պուտտական վանականներու պատուիրակութիւն մը։

«Ինծի համար մեր հաճոյք է ընդունիլ ձեր պատուիրակութիւնը այս այցելութեան կապակցութեամբ, զոր կ՝ամրապնդէ մեր յարատեւ բարեկամութիւնը» ըսաւ Սրբազան Հայրը ողջոյնի խօսքին սկիզբը ապա յիշեց անցեալ 23 նոյեմբեր 2019ին, Թայլանտ կատարած այցելութիւնը ու հանդիպումը Թայլանտի գերագոյն հոգեւոր Պատրիարքի հետ։

Նորին Սբրութիւնը ապա անդրադարձաւ Կաթողիկէներու եւ Պուտտիսթներու միջեւ բարեկամութեան հաստատման գծով վերջին իրադարձութիւնները յիշելով անցեալ հոկտեմբերին, Թայլատնի մէջ կայացած Պուտիսթ Քրիստոնեայ 7-րդ հանդիպումը, որ համախմբեց աշխարհի տարբեր վայրերէն 150 մասնակիցներ խոկալու համար «Քարունա եւ Ակաբէ երկխօսութեան մէջ բուժելու համար վիրաւորուած մարդկութիւնը եւ Երկիրը» նիւթի մասին։

«Այո՛, այսօր մեր մարդկութիւնն ու երկրը, մեր ընդհանուր տունը իսկապէս վիրաւորուած է։ Բազմաթիւ պատերազմներ, բազմաթիւ անձեր կորսնցուցին իրենց կեանքը ապա ստիպուած փախչեցան» ըսաւ Սրբազան Հայրը շեշտելով որ «Մենք հաստատապէս կը հաւատանք,որ մութ ամպերու ներքեւ, բոլոր անոնք որոնք խորապէս արմատացած են իրենց կրօնական աւանդութիւններով եւ կը ցանկանան միասին աշխատիլ, կարող են յոյսի շող բերել յուսահատ մարդկութեան» ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա յիշեց Պուտիսթ Քրիստոնեայ7 րդ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած երեք նիւթերը, առաջին՝ «ոչ մէկը մինակը կրնայ փրկուիլ, որովհետեւ փոխկապակցուած ենք» նշեց Սրբազան Հայրը այդ գծով յորդորեց համագործակցիլ բոլորին հետ՝ պետութիւններուն, այլ դաւանքներուն անդամներու հետ, միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ խթանելու համար բարեկամութիւն մը, որ կ՝աջակցի խաղաղութեան եւ եղբայրութեան եւ կը կառուցէ աւելի ներարական աշխարհ։

Երկրորդ նիւթը, կրթել իւրաքանչիւր անհատ, յատուկէն երիտասարդները, մանուկները, ուրիշներուն եւ շրջակայ միջավայրի հետ յարաբերութեան նկատմամբ, երրորդ « այն համոզումը որ աղօթքն ու մտածականը կարողութիւնը ունին շրջելու ամէն ինչ՝ մաքրելով մեր սիրտերը, մեր միտքերը, առաջացնելով բարեկամութիւնը, ողորմածութիւն եւ ներում ուր ատելութիւն եւ վրէժխնդրութիւն կայ, ստեղծելով յարգանքի հոգի եւ ինչպէս նաեւ ուրիշներուն եւ երկրի համար հոգատարութիւն։

Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ ի վերջոյ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ վաղը, Պուտիսթներուն վանականներուն պատուիրակութիւնը Հռոմի Սանթա Մարիա Ին Թրասթեէւրէ եկեղեցին մէջ պիտի աղօթէ խաղաղութեան համար։

«Շնորհակալ ձեզի Վատիկան գալու համար եւ կը քաջալերեմ շարունակելու վերակենդանացնել երկխօսութիւնը ու համագործակցութիւնը յատուկէն Թայլանտի մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ՝ մշտական բարեկամութեան ոգիով» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւարտելով իր պատգամը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2024, 11:09