Որոնել

Քահանայապետական Զուիցերական պահակագունդ Քահանայապետական Զուիցերական պահակագունդ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Զուիցերական պահակագունդի նոր անդամներու երդման արարողութեան առթիւ

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց պահակագունդի մատուցած ծառայութեան, ներկայութեան համար ու գնահատեց զօրանոցի մէջ տիրող դրական, եղբայրական միջավայրը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 6 մայիսին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քահանայապետական Զուիցերական պահակագունդի անդամները, նոր անդամներուն երդման արարողութեան առթիւ։

Արտասանած պատգամին սկիզբ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւնը յայտնեց պահակագունդի անդամներուն ու անոնց ընտանիքներուն  նշելով շնորհակալ եմ նախ եւ առաջ ձեր ներկայութեան համար, ներկայութիւն, որ բնորոշուած է մեծ որակով՝ ազնիւ, ուշադիր, բծախնդիր ոճով եւ բնականաբար ամենօրեայ ձեր առատաձեռն ու ջանասէր ծառայութեամբ, ըսաւ Սրբազան Հայրը ու աւելցուց,  «Սիրելի պահակներ, ձեր հետ կ՝ուզեմ կիսել ձեր ղեկավարներուն ինծի փոխանցած ձեր մասին դրական լուրերը։ Ձեր մէջ կայ մէկ խումբի սքանչելի ոգի, զօրանոցին մէջ կայ. դրական եւ յարգանքի միջավայր, քաղաքավար վերաբերմունք՝ ղեկավարներուն եւ հիւրերուն նկատմամբ, չնայած երբեմն երկարատեւ եւ յոգնեցուցիչ ծառայութեան, տրուած ըլլալով, որ դուք թիւով քիչ էք», ըսաւ Սրբազան Հայրը Ան ապա գնահատեց պահակագունդի անդամներուն բարձր մակարդակով մատուցած ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ իրարու միջեւ ունեցած բարի յարաբերութիւնները ըսելով, «Մեզի քրիստոնեաներուս համար յարաբերութիւնը բանալի փորձառութիւն է. Յիսուս մեզի յայտնեց եւ վկայեց, որ Աստուած սէր է ու Իր մէջը յարաբերութիւն է, ու այս խորհուրդին մէջ կը գտնենք մեր գոյութեան նպատակն ու կատարումը։ Բարի յարաբերութիւնները մեր մարդկային եւ քրիստոնէական աճումին գլխաւոր ուղին է ու այս մէկը մեծ մասով սորվեցանք մեր ծնողաց, եղբայրներու, քոյրերուն յարաբերութիւններէն։ Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Վատիկանի մէջ նոր զօրանոցը, զոր ծրագիրին մէջ է կարեւոր ներդրում պիտի ունենայ պահակագունդի անդամներուն ու անոնց ընտանիքներուն վերամիաւորումի գործին մէջ։ Յարաբերութեան հարթութեան գծով Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց աշխուժութեամբ եւ գործօն կերպով մշակելու հասարակաց կեանք, դիտել տալով որ այսօր երիտասարդներու միջեւ տարածուած է ազատ ժամեր անցնելու միյայնակ ՝ձեռքի հեռաձայնի ու համակարգիչի միջոցաւ։

«Աւելի լաւ է ժամանակը օգտագործել ընդհանուր գործունէութեան մէջ՝ Հռոմը ճանչնալու, եղբայրական պահերը ապրելու, զրուցելու համար։ Այս փորձարութիւնները ձեզի պիտի ընկերանան ամբողջ ձեր կեանքի ընթացքին», ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Ան պատգամը աւարտեց մաղթելով բարի տօնակատարութիւն ու հայցելով բոլորին վրայ Տիրամօր եւ պաշտպան սուրբերու հովանին։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2024, 10:21