Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Յիսուսեան Միաբանութեան դաստիարակչական առաքելութեան միջազգային յանձնաժողովի անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Յիսուսեան Միաբանութեան դաստիարակչական առաքելութեան միջազգային յանձնաժողովի անդամները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ես»ի մշակոյթէն պէտք ենք անցնիլ դէպի «Մենք»ի մշակոյթ

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Յիսուսեան Միաբանութեան դաստիարակչական առաքելութեան միջազգային յանձնաժողովի անդամները ու անոնց փոխանցած պատգամին մէջ խօսքը կեդրոնացուց Յիսուսեան միաբանութեան՝ դպրոցներէն ներս մատուցած ծառայութիւններուն վրայ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 24 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Յիսուսեան Միաբանութեան դաստիարակչական առաքելութեան միջազգային յանձնաժողովի անդամները ու անոնց փոխանցած պատգամին մէջ ողջունելէ եւ գոհութիւն յայտնելէ ետք յանձնաժողովի մատուցած ծառայութիւններուն համար՝ կրթական մարզէն ներս, Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց դպրոցներու  շրջանակէն ներս Յիսուսեան միաբանութեան կատարած առաքելութեան վրայ ընդգծելով որ «Անկասկած
Յիսուսեանները երաշխաւորած են, որ աւետարանի պատգամը լսելի դառնայ նոր սերունդներուն մէջ, բնորոշ ակադեմական եւ մտաւոր խստութեան ուղեկցութեամբ» գրեց Սրբազան Հայրը, Ան ապա անդրադարձաւ Համաշխարհային կրթական նոր դաշինքի նպատակին, որ է փոխել դաստիարակչութեան մտայնութիւնը «ես»էն, անձնական շահէն անցնիլ դէպի ուրիշներու հետ համագործակցութիւն՝կառուցելու համար աւելի եղբայրական եւ մարդկային աշխարհը մը»։ «Մենք պէտք ունինք «Ես»ի մշակոյթէն անցնիլ դէպի «մենք»ի մշակոյթի, ուր որակաւոր կրթութիւն մը կը սահմանափակուի որպէս այդպիսին իր մարդասիրական արդիւնքներով եւ ոչ թէ տնտեսական արդիւնքներով եւ սա կը նշանակէ մարդը դնել գործընթացին կեդրոնը... մարդիկ կրթել ուրիշներուն համար, ինչպէս ըսած Հայր Առուփէն, գրեցՍրբազան Հայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ գրաւոր պատգամին մէջ յիշեց այն իր նամակը, որուն մէջ հաստատած է Յիսուսեան միաբանութեան համընդհանուր առաքելական նախապատրաստութիւնները «Առաջին նախապատրաստութիւնն կարեւոր է Յիսուսեան միաբանութեան իմաստը հասկնալու համար քանի, որ առանց Տիրոջ դաստիարակիչներուն հետ իրական յարաբերութիւններուն, մնացածը ոչինչ կարեւոր է» նշեց Սրբազան Հայրը ու այս առնչութեամբ իր ուրախութիւնը յայտնեց Yogyakarta միջազգային դպրեվանքին համար ըսելով, որ հոն կը խորացուի երիտասարդներու հետ Յիսուսի յայտնած գանձի բաժնեկցութիւնը եւ ուր երիտասարդները կարողութիւնը կ՝ունենան զգալու Աստուծոյ ազատագրող եւ փրկարար խորհուրդը։ «Անոնք պիտի յաջողին հասկնալ եթէ իրենց դաստիարակիչներու մէջ, ներառեալ ընտանիքներուն հայրերը, Աստուծոյ հետ այդ յարաբերութիւնն ու խորունկ յարգանքը ուրիշներու եւ արարչագործութեան նկատմամբ», գրեց Սրբազան Հայրը, գոհութիւն յայտնելով իր ունեցած յոյսի վրայ, որ դրած է յանձնաժողովին անդամներուն վրայ կրթական նոր դաշինք խթանելու մէջ։

«Դաստիարակելը ցանելու գործ է եւ ինչպէս կ՝ըսէ Սուրբ գիրքը շատ անգամներ, «Արցունքով կը ցանենք երգերով հնչելու համար։ Դաստիարակչութիւնը երկարաժամկէտ պարտականութիւն է, համբերութեամբ, ուր արդիւնքները երբեմն յստակ չեն, նոյնիսկ Յիսուս սկիզբը առաքեալներու հետ չ՝ունեցաւ լաւ արդիւնքներ, սակայն համբերող է եւ կը շարունակէ համբերատար ըլլայ մեր հետ, մեզի սորվեցնելու համար որ որ կրթել կը նշանակէ սպասել, համբերել եւ պնդել սիրով» գրած Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2024, 10:46