Որոնել

Իրանի մէջ սուգի եւ աղօթքի օր Իրանի մէջ սուգի եւ աղօթքի օր  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ հեռագիր յղեց ուղաթթիրի արկածի հետեւանքով Իրանի նախագահի եւ արտաքին գործոց նախարարի մահուան կապակցութեամբ

Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական հեռագիր յղեց Իրանի նախագահին մահուան կապակցութեամբ, ուղղուած Իրանի Իսլամական հանրապետութեան գերագոյն առաջնորդ մեծ Այադոլլա Սայէտ Ալ Հուսէյնի Խամէնէին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական հեռագիր յղեց Իրանի նախագահին մահուան կապակցութեամբ, ուղղուած Իրանի Իսլամական հանրապետութեան գերագոյն առաջնորդ մեծ Այադոլլա Սայէտ Ալ Հուսէյնի Խամէնէին։

«Ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ նախագահ Իպրահին Ռայիսին եւ արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլահեանին մահուան առիթով ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որ իրենց կեանքը կորսնցուցին ուղաթթիրի արկածի պատճառով», նշած է Սրբազան Հայրը ցաւակցականն գիրին մէջ, յանձնելով«Հանգուցեալներու հոգիները Ամենալին ողորմութեան», եւ ապահովուելով իր «աղօթքը իրենց սիրելիներուն կորուստին համար սգացողներուն, յատկապէս զոհերուն ընտանիքներուն դիտաւորութեան։ Նորին Սրբութիւնը հեռագիրը աւարտեց իր հոգեւոր մօտիկութիւնը ապահովուելով Իրանի ազգին «այս դժուար պահերուն»։

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին եւ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը Իրան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Արաքս գետին վրայ ջրելեկտրակայանի բացման արարողութենէն վերադարձնող ուղղաթիռը երէկ ջախջախուեցաւ Ջուղա քաղաքին մօտ: Անոր ընկերակցող երկու ուղղաթիռները ապահով վերադարձան իրենց ուղղուած վայրը:
Նախագահը տեղափոխող ուղղաթիռին մէջ երկրի դիւանագիտութեան պետին կողքին կային նաեւ Արեւելեան Ազրպէյճանի կառավարիչ Մալեք Ռահմաթին եւ Թաւրիզի իմամ Այաթոլլա Հաշեմին:

Սուգի արարողութիւններ

Վաղը՝ 22 մայիսին, Թաւպրիզի մէջ կը սկսի նախագահին յուղարկաւորութեան արարարողութիւնները, որոնք կ՝աւարտուին, հինգշաբթի օր Նաշատին մէջ, երբ Ռայիսի նախագահի մարմինը կը հասնի Ռէզա Իմամի սրբավայրը՝ աշխարհի մէջ իր տարածքով ամենամեծ մզկիթը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2024, 09:19