Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Լիթուանիոյ հանրապետութեան նախագահը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Այսօր՝ 16 մայիսին, առաւօտեան, Վատիկանի առաքելական պալատի իր գրասենեակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Լիթուանիոյ հանրապետութեան նախագահ, Էտկարս Ռինքէվիչս։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ, Վատիկանի Պետքարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան բազմակողմ հատուածի ենթաքարտուղար գերապայծառ Տանիէլ Փաչօ։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումին, գոհունակութիւն յայտնուած է Սուրբ Աթոռի եւ Լիթուանիոյ հանրապետութեան միջեւ լաւ յարաբերութիւններուն համար, ընդգծելով Լիթուանիոյ հասարակութեան մէջ քրիստոնեայ հաւատքի կարեւորութիւնը։
Քննարկումի նիւթ եղած է յատուկէն, Ուքրանիոյ մէջ սանձազերծուած պատերազմը, ընդգծելով միջազգային ընտանիքին դերը՝ խաղաղ լուծումներուն որոնումի մէջ, արուեստական բանականութեան կապուած մարտահրաւէրները ինչպէս նաեւ նոր արհեստագիտութիւներու զարգացումը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ