Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Օգնենք երիտասարդներուն բացայայտելու իրենց ծրագիրը Աստուծոյ համար եւ ոչ թէ շուկաներուն

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Fondazione Blanquerna –Universitat Ramón Llull համալսարանի անդամներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 3 մայիսին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սպանական Fondazione Blanquerna –Universitat Ramón Llull հիմնադրամի անդամները։

Այս առթիւ արտասանած Քահանայապետին պատգամին առանցքը եղաւ համալսարանի անունը՝ երանելի Ռամոն Լլուլլ, նշելով որ երանելին իր ժամանակուան հասարակութիւնը ճշգրիտ նկարագրելու համար կ՝օգտագործէր նշանաւոր Blanquerna գրագէտը, «իմաստասէր որ կը փորձէր մանկավարժական ձեւով քրիստոնէական կեանքի որոշ օրինակներ տալ, որոնք կրան ծառայել ոեւէ անձին՝ Քրիստոսին հետեւելու համար,ու որ ալ Ան զինք կը կանչէ», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

«Ձեր հիմնադրամը եւ ողջ Ռամոն Լուլլ համալսարանը, որդեգրելով այդ անունը, ընդունեց յուզիչ առաջադրանքներ։ Նախ եւ առաջ աշխատիլ ընտանիքին վերադարձնելու համար իր սկզբնական կոչումը՝ ընտանիքին մէջ, երիտասարդներուն շնորհել կեանքի տարբեր ուղղութիւններ, որոնք կ՝օգնեն յաղթահարելու իրենց կեանքի ճգնաժամերը, սորվեցնել երիտասարդներուն, որ քրիստոնեան պէտք է հակուած ըլլայ Տիրոջ հետ հանդիպումին եւ դէպի աստուածային ծառայութեան լիակատար ծառայութեան», ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա քաջալերեց ներկաները, որ համասպրան վերադարձին կազմաւորեն երիտասարդները՝ ժամանակից արագաշարժ, մանկավարժական լեզուով, իրականութեան ճշգրիտ վերլուծութեամբ, բայց միշտ հաշուի առնելով, թէ «մենք կը կազմենք լիարժէք այր մարդիկ եւ կանայք եւ ոչ թէ անհնարին իտէալներուն ցնորական կրկնօրինակներ։ Ամբողջական անձեր, որոնք կը փորձեն իրենց լաւագոյնը տալ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ, որուն կանչուած են, գիտնալով որ ուխտաւորներ են եւ իրականութեան մէջ ամէն ինչ ուղեւորութիւն է դէպի նպատակ ...

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ նշեց, որ Երանելի ԼԼուլի իր գիրքին մէջ կ՝առաջարկէ ամենօրեայ խորհրդածութիւն մը մէջբերելով թիւ 124 խորհրդածութիւնը ըսելով, որ անիկա գաղափարապէս կը համապատասխանէ մեր այսօրուան ժամանակներուն. «Ընկերոջ հարցուցին, թէ որն է ամենամեծ խաւարը, Ան պատասխանեց, իր սիրելիին բացակայութիւնը ապա հարցուցին, որն է ամենամեծ շքեղութիւնը, ան պատասխանեց իմ սիրելիիս ներկայութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց մաղթելով հիմնադրամին անդամներուն, որ կարենան լուսաւորել իրենց աշակերտներուն կեանքերը Յիսուսի ներկայութեան հետ, «եւ այս վստահութիւնը իրենց կը գիտակացնէ ,թէ իրենց արժանապատուութիւնը որպէս Աստուծոյ եւ մարդկանց ընկերներ ու իրենք ի վիճակի են փարատել խաւարը, որ կը ծածկէ այս աշխարհը, որ հեռացած է իր իսկական էութենէն»։

Սրբազան Հայրը պատգամը աւարտեց Հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2024, 10:13