Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Զուիցերիոյ նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Զուիցերիոյ նախագահը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Զուիցերիոյ հանրապետութեան նախագահը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Զուիցերիոյ դաշնութեան նախագահին հետ ունեցած հանդիպումի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 4 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի առաքելական պալատին իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ դաշնութեան նախագահ, Տիկին Վիոլա Ահմեր։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ ընկերակցութեամբ պետութիւններուն եւ միջազգային յարաբերութիւններու հետ քարտուղար, գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի,  որ պետական քարտուղարութեան ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին գոհունակութեամբ արտայայտուած է Սուրբ Աթոռի եւ Զուիցերիոյ դաշնութեան միջեւ առկայ բարի յարաբերութիւններուն, համագործակցութեան ինչպէս նաեւ Քահանայապետական Զուիցերական պահակագունդի զօրանոցի վերանորոգման նախագիծի առնչութեամբ, որ առատաձեռն ծառայութիւնը կը մատուցանէ Պապին եւ Սուրբ Աթոռին։

Կեդրոնացած են միջազգային բնոյթ ունեցող հարցերու վրայ, յատուկէն Ուքրանիոյ, Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ պատերազմները, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած անհրաժեշտ յանձնառութեան, դիւանագիտական լուծում գտնելու հարցին վրայ, որ կը յանգեցնէ ռազմական գործութիւններուն շուտափոյթ դադրեցման։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2024, 12:31