Ֆրանչիսկոս Պապ. Չինաստանի մէջ Կաթողիկէներու կարեւոր ներդումը խաղաղութեան գործին մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապ լսատեսողական պատգամ մը յղեց Չինաստանի մէջ եկեղեցական Sinense ժողովին հարիւր ամեակի նուիրուած համագումարին մասնակիցներուն։ «Ուրախ եմ ձեզ ողջունելուս համար, Sinense վեհաժողովին հարիւր ամեակի նուիրուած ժողովին առիթով, որ մինչեւ այսօր Չինաստանի մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջին եկեղեցական ժողովը եղաւ, զոր գումարուեցաւ ճիշդ հարիւր տարի առաջ, մայիս եւ յունիս ամսիներուն»։ ըսաւ Սրբազան հայրը պատգամին սկիզբը։ Ան ապա անդադառնալով Sinense եկեղեցական ժողովին մասին նշեց, որ այդ ընդհանուր ժողովը կարեւոր քայլ եղաւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար Չինաստանի մեծ երկրին մէջ, աւելցնելով որ Շանկայի մէջ Sinense Ժողովին մասնակցած հայրերը իրական սիւնոդական փորձարութիւն ապրեցան եւ միասին ընդունեցին կարեւոր որոշումներ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, որ Չինաստանի մէջ եկեղեցական առաջին Ժողովին հայրերը գրեթէ ամէնքը եկած էին երկրի հեռու վայրերէ եւ ժողովէն առաջ շատեր անոնցմէ պատրաստ չէին նկատի առնելու այն հնարաւորութիւնը՝ թեմերերու առաջնորդութիւը յանձնելու Չինաստանի մէջ ծնած եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն։
Եկեղեցական ժողովին մէջ հաւաքուած հայրերը կատարեցին իսկական սիւնոդական ուղեւորութիւն մը եւ բոլորը ստորագրեցին այն դրութիւնները, որոնք կը բանային նոր ուղիներ, որպէսզի Եկեղեցին, նոյնիսկ Չինաստանի մէջ կաթողիկէ եկեղեցին աւելի շատ Չինական դէմք ունենայ։ Անոնք հասկցան, որ այդ առաջի քայլն է կատարելիք, որպէսզի Քրիստոսի Փրկութեան աւետիսը կարենայ հասնիլ իւրաքանչիւր մարդկային հասարակութեան, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր անհատին՝ միայն այն ժամանակ երբ անոնք իրենց մայր լեզուն կը խօսին։
Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ նշեց, որ Եկեղեցական ժողովին հայրերը հետեւեցան մեծ միսիոնարներուն հետքերուն, ինչպէս հայր Մաթթէօ Ռիչին Լի Մատու, ու անոնց գացին Սուրբ Պօղոսին բացած ճանապարհով, երբ կը քարորզէր, որ պէտք է ամէն բան կատարել աւետելեւ եւ վկայելու համար Յարուցեալ Քրիստոսի մասին։»
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ