Շարունակենք աղօթել խաղաղութեան համար, շնորհակալութիւն հաղորդակցութեան գործիչներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 12 Մայիս 2024ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Ուրախ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով աղօթքին առիթով հրապարակ ժամանած իտալացի ու օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորները նախ նշեց, թէ մինչ կը «յիշենք Յիսուսին Երկինք համբարձման տօնը, որ մեզ կը փրկէ եւ մեզ կ՛ուզէ ազատ, կը նորոգեմ կոչս, որպէսզի բանտարկեալներու ամբողջական փոխանակում կատարուի Ուքրանիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ» ըսաւ Ան, այս ուղղութեամբ հաւաստիացնելով Սուրբ Աթոռին միջնորդութեան դերը ջանք չի խնայելու, յատկապէս վիրաւոր եւ հիւանդ բանտարկեալներուն համար։
Շարունակենք աղօթել խաղաղութեան համար
«Եւ շարունակենք աղօթել խաղաղութեան համար` Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի եւ Մինամարի մէջ. Աղօթենք խաղաղութեան համար» ըսաւ Սրբազան Պապը, ապա յիշեց 12 Մայիսին յիշատակուող Ընկերային Հաղորդամիջոցներուն նուիրուած Օրը, որուն բնաբանն է. «Արհեստական բանականութիւնը ու սրտի իմաստութիւնը՝ լիարժէք մարդկային հաղորդակցութեան համար»:
Վերագտնել սրտին իմաստութիւնը մեկնաբանելու համար ժամանակի հարցերը
«Միայն սրտի իմաստութիւնը վերականգնելու միջոցաւ է, որ մենք կարող ենք մեկնաբանել մեր ժամանակի խնդիրները և վերագտնել լիարժէք մարդկային հաղորդակցութեան ճանապարհը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով հաղորդակցութեան բոլոր գործիչներուն անոնց տարած աշխատանքին համար։
Մայրերու տօնը
Սրբազան Պապը ակնարկեց նաեւ «Մայրերու տօնին» որ կը յիշատակուի շատ մը երկիրներու մէջ հրաւիրելով երախտագիտութեամբ մտածելու բոլոր մայրերուն ու նաեւ աղօթելու այն մայրերուն համար որոնք արդեն Երկինքն են։ «Եւ բոլոր մայրերը յանձնենք Մարիամին, մեր երկնաւոր մօր հովանիին» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ծափահարութիւն խնդրելով անոնց համար։
Նորին Սրբութիւնը ողջունեց հուսկ իտալիոյ տարբեր շրջաններէն եւ աշխարհի զանազան երկիրներէն ժամանած ուխտաւորները, որոնց շարքին էին նաեւ Ճենովա քաղաքէն ժամանած եւ Դրոշմի Խորհուրդին պատրաստող հազարէ աւելի պատանիներ, որոնց հետ Քահանայապետը հանդիպում ունեցած էր շաբաթ առաւօտեան։
«Changes» խորագիրով լուսանկրաչական ցուցահանդէս
Ան ապա ակնարկեց Սուրբ Պետրոս հրապարակի կամարներուն տակ գտնուող «Changes» խորագիրով լուսանկարչական ցուցահանդէսին, շնորհակալութիւն յայտնելով կազմակերպիչներուն ու հրաւիրելով այցելել զայն` «Լուսանկարիչներ ամբողջ աշխարհէն կը պատմեն մեր հասարակաց տան գեղեցկութիւնը՝ Արարիչին նուերը, որ մենք կոչուած ենք պաշտպանելու», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը աւարտեց, Ճենովայի պատանիներուն բարի ճանապարհ մաղթելով ու հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն` Բարի Կիրակի ապա խնդրեց, որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ