Որոնել

2024.05.05 Regina Caeli

Ոչ պատերազմին, այո երկխօսութեան. Թող խաղաղութիւն հաստատուի. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը շնորհաւորեց Յուլիանոս կայսրի օրացոյցին համաձայն այսօր Սուրբ Զատիկը յիշատակող եկեղեցիներու հաւատացեալները ապա յիշեց եւ շնորհաւորեց Զուիցերական պահակագունդի նորագրեալ զինուորները եւ կոչ ուղղեց ի սպաս խաղաղութեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 5 Մայիս 2024ին Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Ուրախ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքէն ետքը խօսքը ուղղելով աղօթքին մասնակցող եւ Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն նախ յիշեց այն Եկեղեցիները, որոնք այսօր Յուլիանոսի օրացոյցի հիման վրայ կը տօնախմբեն Սուրբ Զատիկը, Օրթոտոքս եւ Կաթողիկէ Արեւելեան Եկեղեցիները։

Սրբազան Պապը իր բարի մաղթանքները ուղղեց ըսելով. «Թող Յարութիւն առած Տէրը ուրախութեամբ լիացնէ բոլորդ, Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ»։

Ան ապա յիշեց եւ իր աղօթքները վստահեցուց Պրազիլի Ռիօ Կրանտէ տո Սուլ Նահանգի բնակչութեան, որ թիրախ է մեծ ջրհեղեղի։ «Թող Տէրը ընկալէ մեռեալները, մխիթարէ անոնց ընտանիքները եւ անոնք` որոնք ստիպուած եղան թողուլ իրենց տուները» ըսաւ Ան եւ ողջունեց տարբեր երկիրներէ Հռոմ ժամանած ուխտաւորները, յատուկ ջերմ ողջոյններ ուղղելով Զուիցերական Պահակագունդի նորագրեալներուն ու անոնց ընտանիքներուն` «այս պատմական և վաստակաշատ պահակազօրքի տօնակատարութեան առիթով», յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ծափահարութիւն խնդրելով անոնց համար։

Յիշելէ ու ողջունելէ ետք նաեւ «Մեթեր» ընկերակցութիւնը, որ յանձնառու է անչափահասներու ոտնձգութիւններուն դէմ պայքարին մէջ Քահանայապետը խնդրեց շարունակել աղօթել մարտիրոս Ուքրանիոյ, Պաղեստինի եւ Իսրայէլի համար, շեշտելով «Թող խաղաղութիւն հաստատուի, որպէսզի ամրապնդուի երկխօսութիւնը ու բարի պտուղներ տայ։ Ոչ պատերազմին` այո երկխօսութեան» ըսաւ Ան ու խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ աղօթք խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2024, 12:37