Որոնել

2024.05.23 Scholas Occurrentes, Chiusura Incontro Internazionale del Senso

Մի կորսնցնէք խաղալու կարողութիւնը. Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի մէջ հանդիպեցաւ «Զգացումի» համալսարանի եզրափակիչ հանդիպումին որ կազմակերպուած է Սքոլաս Օքուրէնդէսի կողմէ։ Քահանայապետը խրախուսեց կազմաւորողները մշակելու յոյսը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 23 Մայիս 2024ի կէսօրէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Նոր Սինոդի դահլիճին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Զգացումի միջազգային Հանդիպումի» եզրափակիչ օրուան, որ կազմակերպուած էր «Scholas Occurrentes»ի CAF-ի եւ Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան կղզիներու Զարգացումի Դրամատան կողմէ, որուն մասնակցեցան նաեւ աշխարհի տարբեր կարեւոր համալսարաններու տնօրէնները, մշակութային, քաղաքական եւ արուեստագիտական աշխարհի անձնաւորութիւններ ինչպէս նաեւ «ազդեցիկ» երիտասարդներ ու արուեստագէտներ։

Հանդիպման նպատակն էր գործնական լուծումներ որոնել Զգայական համալսարանի մարտահրաւէրներուն համար, որուն կառավարումը Քահանայապետի կողմէ վստահուած է Միջազգային Կրթական Շարժում` Scholas Occurrentes-ին:

«Արհեստականութիւն, շրջակայ միջավայր և հոգեկան առողջութիւն», ասոնք եղան այն կեդրոնական նիւթերը, որոնց վրայ կեդրոնացան մասնակիցները, որուն եզրակացութիւնները ներկայացուեցան Ֆրանչիսկոս Պապին, սիրալիր ու բարեկամական մթնոլորտի մէջ։ Սրբազան Պապին հետ հանդիպումի ընթացքին ներկաներէն ոմանք անոր ուղղեցին հարցումներ, որոնց Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց սրտաբուխ կերպով։

Երիտասարդին, որ հարց տուած էր ինչպէս շարունակել ապրիլ սէրը, հակառակ տառապանքին, որուն թիրախ կը դառնանք, Քահանայապետը խրատեց չփակուիլ մեր ցաւերուն մէջ, այլ սիրտը միշտ բաց պահել, ու երբ «ցաւը կը բացուի միւսին օգնութեան, կը դառնայ պտղաբեր» ըսաւ Սրբազան Պապը, որ հրաւէր ուղղեց նաեւ դաստիարակել յոյսին, որովհետեւ երբ ցաւը կը մխրճուի սրտին մէջ, ան կը դառնայ «թունաւոր»։

Արուեստի մասին ուղղուած այլ հարցումի մը պատասխանելով Քահանայապետը ընդգծեց, որ արուեստը մեզի կը բանայ դէպի հորիզոնը», մինչ երբ հաւաքին մասնակցող Քոլոմպիացի «rapper» մը ելոյթ կ՛ունենայ Ֆրանչիսկոս Պապին առջեւ, Նորին Սրբութիւնը կը նշէ, որ յաջողութեան բանալին խաղալու կարողութեան մէջ` ստեղծագործութեան մէջ։

Սրբազան Պապին համար կարեւոր է ապա մարդկային համապարփակ զարգացումը ու մարդը ընտրել, որպէս ամէն բանի կիզակէտը խթանելով հանդիպումի մշակոյթը։ «Զգացումի համալսարանը», պէտք չէ կորսնցնէ երեք կարեւոր ոճեր, «ձեռքերունը», «սրտինը» եւ «գլուխինը», կը հաստատէ Քահանայապետը։

Հանդիպումի աւարտին Սրբազան Պապը ձեռքերուն մէջ առաւ լաթերով կառուցած գնդակ մը, որ խղճուկ խաղի խորհրդանիշն է յիշելով, թէ ինք եւս այսպիսի գնդակով խաղացած է մանկութեան ժամանակ եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց բացայայտել այն գնդակի մէջ պահուած խորհրդազգածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2024, 07:00