Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակային ունկնդրութենէն Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակային ունկնդրութենէն  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Վկայեցէք երիտասարդներուն, որ «յաւերժ սէրը» կարելի է

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Équipes Notre-Dame միջազգային շարժումի ղեկավարներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 4 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Équipes Notre-Dame միջազգային շարժումի ղեկավարները։ Ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց յիշեալ շարժումի ընտանիքներուն մատուցած ծառայութիւններուն համար։

«Քրիստոնէական ընտանիքը, այս փոփոխութեան դարաշրջանին կ՝անցնի իսկական եւ իւրայատուկ մշակութային փոթորիկէն ու կը գտնուի տարբեր ճակատներու դիմաց՝ փորձանքներու եւ վտանգի տակ» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու առնչութեամբ գնահատեց յիշեալ միջազգային կազմակերպութեան եկեղեցւոյ մատուցած թանկարժէք ծառայութիւնները, ի շարս պսակեալներուն ուղեկցութիւնը, որպէսզի անոնք մինակ չզգան ամուսնական կեանքին մէջ։«Պաշտպանել ամուսնութիւնը, կը նշանակէ պաշտպանել ամբողջ ընտանիքը կը նշանակէ պաշտպանել  ամուսնութենէն բխած բոլոր յարաբերութիւնները. պսակեալներու միջեւ սէրը, ծնողաց եւ զաւակներու միջեւ սէրը»... ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով, որ «ամուսնութիւնը երեք հոգիով ուղեւորութիւն է, ուր պսակեալներու միջեւ Քրիստոսի ներկայութիւնը հնարաւոր կը դարձնէ ուղեւորութիւնը, ուր հեղինակութիւնը կը փոխակերպուի հայեացքներու խաղի, պսակեալներու միջեւ հայեացք եւ պսակեալներու եւ Քրիստոսի միջեւ հայեացք։

Նորին Սրբութիւնը յիշեալ շարժումի անդամներուն յորդորեց կարգ մը կէտեր, նախ եւ առաջ հոգ տանիլ նորապսակներուն, «որպէսզի նորապսակները կարենան հարսանեկան խորհուրդը ապրին, որ կ՝օգնէ անոնց, զգալ իրենց հաղորդութեան գեղեցկութիւնը եւ հոգեւորութիւնը որպէս զոյգ»։Երկրորդ կէտ, շեշտել պսակեալներուն եւ քահանաներուն միջեւ համատեղ պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը։ «Դուք հասկցաք եւ շօշափելի կերպով ապրեցաք երկու կոչումներուն փոխլրացումը, կը քաջալերեմ ձեզ զայն փոխանցելու ժողովրդապետութիւններու մէջ, որպէսզի աշխարականներն ու քահանաները բացայայտեն անոր հարստութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը ու ասիկա կ՝օգնէ յաղթահարելու կղերապաշտութիւնը, որ աւելի քիչ պտղաբեր կը դարձնէ եկեղեցին, ըսաւ Սրբազան Հայրը յորդորելով ներկաները զգուշանալու կղերապաշտութենէն։

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ շարժումի անդամներէն խնդրեց, որ իրենց թեմերէն ներս օգնեն ընտանիքներուն, որպէսզի հասկնան փոխ օգնութեան կարեւորութիւնը ու ցանց կազմեն, «կազմել համայնք՝ ուր Քրիստոսը կարենայ ապրիլ տուներու եւ ընտանեկան յարաբերութիւններու մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց, եկեղեցական միջազգային շարժումի առաքելութիւնն ու անոնց ընտանիքները յանձնելով Տիրամօր, որպէսի զիրենք պաշտպանէ ու հաստատ պահէ Քրիստոսի մէջ եւ դառնան սիրոյ վկաները։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2024, 10:39