Եկեղեցին բաց է բոլորին, բայց կարելի չէ օրհնել միասեռական միութիւնները. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Անցեալ 24 ապրիլ 2024-ին Ֆրանչիսկոս Պապը «Cbs Evening News» հեռուստակայանի տնօրէնուհի` Տիկ. Norah O’Donnell-ի հետ ունեցաւ երկար հարցազրոյց մը, որմէ մաս մը հեռասփռուեցաւ 19 Մայիսին «60 Minutes» յայտագիրի ընթացքին։
«Աւետարանը բոլորին է»
Հարցազրոյցին մէջ Սրբազան Պապը անգամ մը եւս շեշտեց, որ «Աւետարանը բոլորին է», մեզի բոլորիս որ մեղաւորներ ենք...«ես ալ մեղաւոր եմ» նշեց Ան, դիտել տալով, որ «եթէ Եկեղեցին իր դռան առջեւ մաքսատուն մը դնէ կը դադրի Քրիստոսի Եկեղեցի ըլլալէ»։
Ասկէ մեկնելով Ան յստակացուց անցեալ ամիսներուն ի լոյս ընծայուած «Fiducia Supplicans» վարդապետական փաստաթուղթին մէջ պարունակուած հարց մը, հայող միասեռական զոյգերու օրհնութեան, հաստատելով, որ «օրհնութիւնը բոլորին է, կարելի է օրհնել իւրաքանչիւր անձ, բայց ոչ միասեռական միութիւնը։ Այն ինչ, որ ես արտօնեցի միութիւնը օրհնել չէ, որովհետեւ ան Եկեղեցւոյ օրէնքին հակառակ է», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, որ ապա քննադատեց «փոխնակ մայրութեան» գործընթացը, որ «պիզնէս դարձած է», ու երբ լրագրողուհին անոր նկատել տուաւ թէ այս մէկը կարող է մի քանի կիներուն համար յոյս հանդիսանալ, Նորին Սրբութիւնը նշեց` որ «որդեգրութիւնն ալ կարող է յոյս ըլլալ», հրաւիրելով չի խուսափելու բարոյական սկզբունքէն։
Մանուկները եւ պատերազմը
Հարցազրոյցին մէջ, որ պատրաստուած էր` 25 եւ 26 Մայիսին նշուելիք Մանուկներու համաշխարհային Օրուան առիթով Քահանայապետին սիրտն ու հայեացքը կը սեւեռուին պատերազմի թիրախ մանուկներուն. «Անոնք մոռցան ժպտալու կարողութիւնը» կրկնեց Սրբազան Պապը եւ անոնց մտածելով կոչ ուղղեց պատերազմի մէջ գտնուող երկիրներուն. «Կանգ առէք։ Կանգնեցուցէք պատերազմը։ Պէտք է ձեւը գտնէք բանակցելու խաղաղութեան համար։ Ջանք դափեցէք հասնելու խաղաղութեան։ Բանակցուած խաղաղութիւն մը միշտ աւելի լաւ է անվերջ պատերազմէն, խնդրեմ, կանգ առէք։ Բանակցեցէք»։
Գաղափարախօսութիւնները
Նորին Սրբութիւնը քննադատեց հուսկ գաղափարախօսութիւնները ընդգծելով անոնց բացասականութիւնը եւ ակնարկելով հակասեմականութեան, որ իր կարգին բացասական է, որովհետեւ իւրաքանչիւր «հակա»ն, միշտ ալ վատ բան է։
Անտարբերութիւնը եւ գաղթականները
Խօսելով գաղթականութեան երեւոյթի մասին Պերկոլիօ Քահանայապետը դատապարտեց բազմաթիւ մարդոց «ձեռքերը լուալու» իրականութիւնը, նման Պիղատոսին ... անոնք ականատես են ամէն բանի, պատերազմներուն, ոճիրներուն, անարդարութիւններուն բայց անտարբեր են. «Մենք այնպէս պէտք է ընենք որ մեր սիրտը մտիկ ընէ։ Կարող չենք անտարբեր մնալ մարդկութեան ողբերգութիւններուն դիմաց։ Անտարբերութեան համաշխարհայնացումը շատ վատ հիւանդութիւն է», ըսաւ Սրբազան Պապը «խելագարութիւն» համարելով այն լուրը որ Թէքսասի Նահանգը փակել կ՛ուզէ տալ կաթողիկէ հաստատութիւն մը որ գաղթականներով կը զբաղի։ «Գաղթականը պէտք է ընկալուի», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Մանակապղծութիւնը
Հարցազրոյցի նիւթերու շարքին էր նաեւ Եկեղեցւոյ մէջ ոտնձգութիւններու հարցը զոր Քահանայապետը «անհանդուրժելի ոճիր» որակեց, ընդունելով որ պէտք է միշտ աւելի ընել որովհետեւ «չարաշահումներու ողբերգութիւնը մեծ է» եւ «պէտք է այնպէս ընել որ այս ոճիրը ոչ միայն պատժուի այլ այլեւս երբեք չի կրկնուի» եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հաստատումը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ