Որոնել

2024.06.09 Angelus

Ոչ մէկը պէտք է արգելք ըլլայ մարդասիրական օգնութիւններու հասանելիութեան։ Խաղաղութիւնը կարելի է. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Պապը յիշեց միւս օր Յորդանանի մէջ Կազայի կացութեան նուիրուած համաժողովը, ակնարկեց Վատիկան մէջ կայացած Խաղաղութեան Աղերսի տասնամեակին հաստատելով` որ խաղաղութիւնը կարիքը ունի քաջութեան ապա ողջունեց ուխտաւորներու զանազան խումբերը որոնց շարքին աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած երգչախումբերու անդամները
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 9 Յունիս 2024ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին, խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներուն նշեց, որ միւս օրը, Յորդանանի մէջ, տեղի պիտի ունենայ միջազգային համաժողով մը, հայող Կազայի մարդասիրական իրավիճակին, որ գումարուած է Յորդանանի Թագաւորի, Եգիպտոսի Նախագահի եւ Միացեալ Ազգերու Ընդհանուր Քարտուղարի կողմէ։

Յորդանանի վեհաժողովը

«Մինչ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ անոնց այս կարեւոր նախաձեռնութեան համար, կը քաջալերեմ միջազգային հասարակութիւնը գործելու հրատապ կերպով, բոլոր միջոցներով, օգնութեան հասնելու համար Կազայի բնակչութեան, որ հիւծուած է պատերազմէն» ըսաւ Քահանայապետը եւ աւելցուց` «Մարդասիրական օգնութիւնները պէտք է` որ հասնին անոնց, որոնք անոր կարիքը ունին եւ ոչ մէկը կարող է այս մէկուն արգելք ըլլալ»։

Խաղաղութեան աղերսանքի տասնամեակը

Ան ապա յիշեց, որ շաբաթ օրը (8 Յունիսին) յիշատակուեցաւ տասը տարիներ առաջ Վատիկանի մէջ կայացած խաղաղութեան աղերսը, որուն ներկայ գտնուած էին Իսրայէլի Նախագահ` հանգուցեալ Շիմոն Փերփսը եւ Պաղեստինի նախագահ Ապու Մազէնը։

Խաղաղութիւնը կարելի է եւ կարիքը ունի քաջութեան

«Այս հանդիպումը կը վկայէ, որ իրարու ձեռք սեղմելը կարելի է եւ թէ խաղաղութիւն կնքելու համար քաջութիւն պէտք է, աւելի մեծ քաջութիւն քան պատերազմ ընելը։ Ասոր համար կը քաջալերեմ կողմերու միջեւ ընթացքի մէջ բանակցութիւնները, նոյնիսկ եթէ անոնք դիւրին չեն, եւ կը մաղթեմ, որ խաղաղութեան առաջարկները, բոլոր ճակատներու վրայ, զինադադարի եւ պատանդներու ազատագրումի, անմիջապէս ընդունելի ըլլան պաղեստինցիներու եւ իսրայէլացիներուն բարիքին համար» յարեց ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով նաեւ որ չի մոռցուի Ուքրանիան։

Ուքրանիան 

«Որքան աւելիով կը տառապի այնքան աւելիով ձգտումն ունի խաղաղութեան» ըսաւ Ան ողջունելով հրապարակ գտնուող Ուքրանացիներու խումբ մը ու անոնց արտայայտելով մօտիկութիւն, հուսկ քաջալերեց խաղաղութեան կերտումին ի սպաս կատարուած բոլոր ջանքերը` մաղթելով, որ ան հաստատուի շուտով միջազգային հասարակութեան օժանդակութեամբ։

Երգչախումբերու Միջազգային հանդիպում

«Չմոռնանք նաեւ Միանմարը» ըսաւ ապա Քահանայապետը ու ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը, յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով նաեւ աշխարհի տարբեր վայրերէն Հռոմ ժամանած երգչախումբերու անդամներուն, մասնակցելու համար Երգչախումբերու Միջազգային հանդիպումին։

«Սիրելիներ ձեր երգեցողութեամբ դուք մշտապէս կարող էք փառաբանել Աստուած ու հաղորդել Աւետարանի ուրախութիւնը» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը բոլոր ներկաներուն մաղթելով բարի կիրակի եւ սովորութեան համաձայն խնդելով` որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2024, 12:41