Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ ամիսներուն գլխաւորելիք արարողութիւններուն օրակարգը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի 2 Յունիս 2024ին Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ ամիսներուն գլխաւորելիք արարողութիւններուն օրակարգը։
Արդարեւ Քահանայապետական Արարողութիւններու Արարողապետի ստորագրութիւնը կրող հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ Նորին Սրբութիւնը յառաջիկայ 29 Յունիս 2024ին Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ պիտի գլխաւորէ սուրբ պատարագը, որուն առիթով կ՛օրհնուին նաեւ Եմիփորոնները, որոնք կը յանձնուին նոր նշանակուած Մետրոպոլիտ Արքեպիսկոպոսներուն։
Երկու օր ետք` մէկ Յուլիս 2024ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի նախագահէ Կարդինալական հրապարակային ժողովը, որուն առիթով պիտի քուէարկուի ու պիտի վաւերացուին մի քանի սրբադասումներու դատավճիռները։
Ապա կիրակի 7 Յուլիսին նախատեսուած է Նորին Սրբութեան հովուական այցելութիւնը Թրիեսթէ քաղաք, «Իտալիոյ կաթողիկէներու ընկերային շաբթուան» փակման առիթով ։
Սրբազան Պապը հուսկ սեպտեմբերին սկիզբը 2-13` առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Ինտոնեզիա, Փափուա Նովա Կինէա, Թիմօր-Լեսթ եւ Սինկափուր, «ընդառաջելով համապատասխան պետութիւններու ղեկավարներուն եւ եկեղեցական իշխանութիւններու հրաւէրին», իսկ Սեպտեմբերի աւարտին 26-29-ն, առաքելական ճամբորդութեամբ պիտի մեկնի Լիւսսեմպուրկ եւ Պելճիքա, այցելելով նախ Լիւսսեմպուրկը ապա Պելճիքայի Պրիւքսէլ, Լուվէն, եւ Լուվէն լա նէօվ քաղաքները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ