Որոնել

FRANCE-HEALTH-SOCIAL-ELDERLY-PALLIATIVE

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի հանդիպի կատակերգուներու հետ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապի եւ աշխարհի խումբ մը կատակերգուներու հետ հանդիպումին վերաբերեալ զոր տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ուրբաթ, 14 յունիսին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 14 յունիսին, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ, առաւօտեան ժամը 8,30ին, Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի հանդիպի խումբ մը կատակերգուներու հետ։ Լուրը հաղորդեց սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացնելով որ սոյն միջոցառումը համատեղ կազմակերպած է Կրթութեան եւ մշակոյթին համար վերատեսչութեան եւ հաղորդագրութեան վերատեսչութեան կողմէ ու միջոցառումին նպատակն է կապ հաստատել Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ կատակերգուներու միջեւ։

«Տուր ինծի Տէր զուարթամտութեան զգացումը» Ֆրանչիսկոս Պապ ամէն օր Սուրբ Թոմասօ ՄորոյԻ այս խօսքերով կ՝աղօթէ, «շնորհք մըն է որ ես կը խնդեմ ամէն օր» ըսաւ Ան, որովհետեւ «անիկա քեզ վեր կը բարձրացնէ, կը ստիպէ քեզ տեսնել կեանքի պայմանականութիւնը, եւ վերցնել իրենց Փրկուած հոգիի ոգիով։ Դա մարդկային վերաբերմունքն է սակայն ամենամօտն է Աստուծոյ շնորհքին», (Հարցազրոյց 2000 հեռուստակայնի հետ, 20 նոյեմբեր 2016), նշուած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հաղորագրութեան մէջ ու աւելցուած, որ միեւնոյն Սուրբ Գիրքը «Լի է հեգնանքի պահերով, ուր ծաղրի կ՝ենթարկուին ինքնախաբութեան, անտարբերութեան, անարդարութեան, անմարդկայնութեան ինքնահաւանութիւնը, երբ անոնք կը ծածկեն զօրութիւն եւ նոյնիսկ սրբութիւն։

«Ֆրանչիսկոս Պապին աշխարհի կատակերգուներու հետ հանդիպումը նպատակ ունի նշելու մարդկային բազմազանութեան գեղեցկութիւնը եւ խթանելու խաղաղութեան, սիրոյ զօրութեան պատգամը ու կը խոստանայ ըլլալ միջ մշակութային երկխօսութեան, ուրախութեան, յոյսի փոխանակման պահ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2024, 12:59