Որոնել

2024.06.03 Partecipanti al Convegno Interreligioso promosso dal Movimento dei Focolari

Միջկրօնական երկխօսութիւնը անհրաժեշտ պայման է աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Այսօր Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Ֆոքոլարի շարժումի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Միջկրօնական համաժողովի շուրջ 200 մասնակիցները. «․․․մենք դուրս կ’ելլենք երկխօսութեան սահմաններէն, մեզ եղբայրներ եւ քոյրեր զգալով, կը կիսենք աւելի միասնական աշխարհի երազանքը՝ բազմազանութիւններու ներդաշնակութեան մէջ»
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 3 Յունիս 2024ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քլեմենթինա դահլիճէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Ֆոքոլարի շարժումի (Movimento dei Focolari) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Միջկրօնական համաժողովի շուրջ 200 մասնակիցներուն։

Իր խօսքին մէջ Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ Շարժումի հիմնադիր Քիարա Լուպիխի սկսած ճամբան հաստատակամօրէն յառաջ տանելու համար՝ «ոչ քրիստոնէական կրօններու անձերուն հետ միասին, որոնք կը կիսեն հոգեւորութեան միասնութիւնը»։

Սուրբ Հոգին երկխօսութեան եւ հանդիպումի ճամբաներ կը բանայ

«Յեղափոխական ճամբայ, որ այնքան օգտակար է Եկեղեցիին», յարեց Ֆրանչիսկոս եւ ասկէ մեկնելով յիշատակեց տակաւին 50 տարիներ առաջ Ալժիրի մէջ մահմետական համայնքի՝ Շարժումին միանալը՝ շեշտելով, որ «Սուրբ Հոգին երկխօսութեան եւ հանդիպումի երբեմն զարմանալի ճամբաներ կը բանայ, (․․․) ինչպէս եւ Լուպիխի հանդիպումները տարբեր կրօններու առաջնորդներուն հետ՝ պուտիսթներու, մահմետականներու, հինտուներու, հրեաներու եւ այլոց հետ»:

Մինչ օրս զարգացող այդ երկխօսութեան հիմքը, ըստ Քահանայապետին, «Աստուծոյ Սէրն է, որ կ’արտայայտուի մէկը միւսը ճանչնալով ու համապատասխան ինքնութիւնները յարգելով», ապա եւ «ժամանակի ընթացքին միասնաբար աղքատներու աղաղակին արձագանքելով, արարչագործութեան հոգ տանելով, յանուն խաղաղութեան աշխատելով»:

Կիսել աւելի միասնական աշխարհի երազանքը՝ բազմազանութիւններու ներդաշնակութեան մէջ

Աւելին, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ․ «այդ մարդկանց հետ մենք դուրս կ’ելլենք երկխօսութեան սահմաններէն, մեզ եղբայրներ եւ քոյրեր զգալով, կը կիսենք աւելի միասնական աշխարհի երազանքը՝ բազմազանութիւններու ներդաշնակութեան մէջ»:

«Կրօնը յաճախ կ’օգտագործուի հակամարտութիւն հրահրելու համար, մինչդեռ միջկրօնական երկխօսութիւնը, ընդհակառակը, «անհրաժեշտ պայման է աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար, հետեւաբար եւ՝ պարտականութիւն է՝ ըլլայ քրիստոնեաներու, ըլլայ այլ կրօնական համայնքներուն համար» (Առաքելական Յորդորագիր Evangelii gaudium, 250), յարեց Սրբազան Հայրը իր պատգամի աւարտին եւ քաջալերեց «առաջ շարժիլ միշտ բաց ըլլալով»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2024, 11:16