Պաղատինք Յիսուսի Սուրբ Սրտին որ դարձի բերէ պատերազմ ուզող մարդոց սրտերը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 30 Յունիսի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով այս առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած Հռովմէացի եւ տարբեր երկիրներու ուխտաւորներու խումբերը նշեց, որ այսօր կը յիշատակուին Հռովմէացի Նախավկայ մարտիրոսները եւ ասկէ մեկնելով հաստատեց, թէ «մենք եւս կ՛ապրինք մարտիրոսութեան ժամանակ մը, նոյնիսկ աւելի քան առաջին դարերը»։
«Աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ մեր եղբայրները եւ քոյրերը թիրախ են խտրականութեան ու հալածանքի, իրենց հաւատքին համար, պտղաբեր դարձնելով Եկեղեցին։ Ուրիշներ ապա կը դիմագրաւեն «ճերմակ ձեռնոցով» մարտիրոսութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով թիկունք կանգնելու անոնց եւ ներշնչուելու անոնց «Քրիստոսի նկատմամբ սիրոյ վկայութենէն»։
Ան ապա խնդրեց` որ «Յունիս ամսուայ այս վերջին օրը, պաղատինք Յիսուսի Սուրբ Սրտին, որպէսզի դպչի սրտերուն անոնց որոնք պատերազմ կ՛ուզեն, որպէսզի դարձի գան ի նպաստ երկխօսութեան ու խաղաղութեան ծրագիրներու» յարեց Ան ու հրաւիրեց չմոռնալ Ուքրանիան, Պաղեստինը, Իսրայէլը, Միանմարը ու բոլոր այն միւս բազմաթիւ վայրերը ուր կայ տառապանք պատերազմի պատճառաւ»։
Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրեց իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ