Որոնել

2024.06.16 Angelus

Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց Երանելի Ռափաչը եւ աղօթք խնդրեց Քնոկոյի եւ աշխարհի խաղաղութեան համար։

Քահանայապետը ողջունեց աշխարհի տարբեր վայրերէն ս. Պետրոս ժամանած ուխտաւորներու խումբերը որոնց շարքին էին նաեւ Լիբանանցի հաւատացեալներ, եւ իտալիոյ տարբեր քաղաքներէն Սուրբ Հաղորդութեան ու Դրոշմի Խորհուրդին պատրաստուող պատանիները բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 16 Յունիս 2024-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին խօսքը ուղղելով այս առիթով սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն նախ յիշեց` շաբաթ օրը Քրաքովիայի մէջ Երանելի հռչակուած Միքելէ Ռափաչը։

«Քահանայ եւ մարտիրոս, Հովիւ ըստ Քրիստոսի սրտին, Աւետարանի հաւատարիմ ու վեհանձն վկայ, որ փորձարկեց ըլլայ նացիական ըլլայ սովետական հալածանքը, եւ պատասխանեց իր կեանքի նուիրումով» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ծափահարութիւն խնդրելով նոր Երանելիին համար։

Սրբազան Պապը նշեց հուսկ, թէ կը շարունակուին ցաւալի լուրեր հասնիլ Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան արեւելեան շրջանի մէջ գործուած բախումներու եւ ջարդերու մասին եւ ասկէ մեկնելով կոչ ուղղեց «Ազգային Իշխանութիւններուն եւ Միջազգային հասարակութեան, որպէսզի ամէն ջանք դափուի կասեցնելու համար բռնութիւնները և պաշտպանուի քաղաքացիներու կեանքը»։

«Զոհերուն շարքին են բազմաթիւ քրիստոնեաներ, որոնք սպաննուեցան հաւատքի պատճառաւ։ Անոնք մարտիրոսներ են. Անոնց զոհաբերումը սերմ մըն է, որ կը ծաղկի եւ պտուղ կու տայ ու մեզի կը սորվեցնէ Աւետարանը վկայել քաջութեամբ եւ հետեւողականութեամբ» ըսաւ ապա Քահանայապետը հրաւիրելով չդադրիլ աղօթելէ նաեւ Ուքրանիոյ, Սուրբ Երկրի, Սուտանի, Միանմարի մէջ խաղաղութեան համար ու նաեւ ամէն այն վայրերուն մէջ` ուր կը տառապին պատերազմի պատճառաւ»։

Ան ապա ողջունեց աշխարհի տարբեր վայրերէն ս. Պետրոս ժամանած ուխտաւորներու խումբերը, որոնց շարքին էին նաեւ Լիբանանցի հաւատացեալներ եւ իտալիոյ տարբեր քաղաքներէն Սուրբ Հաղորդութեան ու Դրոշմի Խորհուրդին պատրաստուող պատանիները բոլորին մաղթելով բարի Կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով` որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2024, 12:31