Որոնել

2024.06.24 Soci del Circolo San Pietro

Արմատները հիմնարար են. առանց արմատներու կեանք չկայ, ապագայ չկայ․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը այսօր ունկնդրութիւն շնորհեց «Սուրբ Պետրոսի ակումբ» հիմնարկի անդամակիցներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Երկուշաբթի՝ 24 Յունիսին Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց «Սուրբ Պետրոսի ակումբ» հիմնարկի անդամները։

«Միշտ կը սիրեմ հանդիպիլ ձեզի, քանզի ձեզի հետ ունկնդրութիւնը համազօր է երախտագիտութեան, (…) ես երախտագիտութիւն կը զգամ այն​​ ծառայութեան համար, որ դուք կը մատուցանէք Հռոմի աղքատներուն: Եւ գիտեմ, որ այդ մէկը կ’ընէք Քահանայապետի անունով, Սուրբ Մայր Եկեղեցւոյ անունով», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղած իր պատգամին սկիզբը։

Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց «Սուրբ Պետրոսի ակումբ»ի՝ 155 տարուայ պատմութեան առթիւ պատրաստած գիրքը իրեն նուիրելուն համար, ուր ամփոփուած են Ակումբին հայող Քահանայապետերուն ուսմունքները։

Գնահատելով հատորը՝ Ֆրանչիսկոս առաջին հերթին շեշտեց անոր կարեւորութիւնը արմատներու յիշողութեան համար․

«Արմատները հիմնարար են. առանց արմատներու կեանք չկայ, ապագայ չկայ: Տերեւներու փթթիլը կապուած է արմատներու առողջութեան հետ», յարեց Ան եւ ասկէ մեկնելով՝ միաժամանակ յորդորեց պատմութիւնը չի «թանգարանացնել»․

«Յիշողութիւնը ապագայի տարր մըն է միայն այն պարագային, երբ արմատները կենդանի եւ առողջ են» զգուշացուց Նորին Սրբութիւնը եւ, որպէսզի արմատները «ամուլ» չմնան, խրախուսեց արժէքներն ու փորձը փոխանցել երիտասարդներուն՝ նկատել տալով, որ գեղեցիկ է, որ մեծ հայրիկ մը իր փորձառութիւնը փոխանցէ թոռնիկին: «Շատեր կան հոս եւ դա գեղեցիկ է», պնդեց Ան։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա 24 տարեկանին հոգին աւանդած Երանելի Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթին, որ «շուտով Սուրբ պիտի հռչակուի», ընդգծելով, որ հակառակ անոր, որ մեծցած էր բարեկեցիկ ընտանիքի մը մէջ, իր կեանքը նուիրեց Թուրինի աղքատներու ծառայութեան։

Յղում կատարելով այնուհետեւ 2025-ի Յոբելենական Սուրբ Տարուան, Սրբազան Պապը, կոչ ըրաւ հոգ տանիլ ուխտաւորներուն․«Հռոմ ժամանող ուխտաւորներն ու զբօսաշրջիկները պէտք է «շնչեն» քրիստոնէական բարեգործութեան օդը, որ պարզապէս օգնութիւն մը չէ, այլ՝ հոգատարութիւն է արժանապատուութեան հանդէպ, մօտիկութիւն եւ բաժնեկցութիւն է», յարեց Ան ու խօսքի աւարտին Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր հովանին հայցեց ներկաներուն վրայ անոնց շնորհելով իր օրհնութիւնը ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար եւ «իհարկէ աղօթեցէք ի նպաստ» ըսաւ Քահանայապետը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2024, 11:23