Որոնել

2024.06.27 Membri dell'Assemblea Plenaria della Pontificia Commissione per ml'America Latina

Կառուցէք եղբայրութեան կամուրջներ․ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական Յանձնաժողովին

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց այսօր Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական Յանձնաժողովի (CAL) անդամներուն․Կառուցէք «Միասին քալելու» կամուրջներ, որ ոչ թէ պարզապէս հռետորական արտայայտութիւն ըլլայ, այլ իսկական հովուական փորձ դառնայ:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Ի՞նչ գործելաոճ խթանել տարածաշրջանի զարգացման բաղդատութեամբ: Ինչպէ՞ս աւետարանացնել ընկերային ոլորտը՝ եղբայրութեան բեւեռացման երեւոյթի դիմաց: Ի՞նչ ծառայութիւն պէտք է մատուցանէ ​​ Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական Յանձնաժողովը (CAL - Pontificia Commissione dell’America Latina) եպիսկոպոսաց համաժողովներուն, Լատին Ամերիկայի Եպիսկոպոսական խորհուրդին (CELAM - Consiglio Episcopale Latinoamericano -) եւ Սուրբ Աթոռի վերատեսչութիւններուն»:

Այս երեք հարցադրումները առանցքը կազմեցին Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական Յանձնաժողովի՝ այս օրերուն կայացած Լիագումար Ժողովին, որոնց անդամներուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց այսօր՝ 27 Յունիսին Վատիկանի մէջ։

Հարցադրումներ, որոնք «նաեւ սիւնհոդոսական բարեփոխումներու մաս կը կազմեն»՝ նշեց Ժողովի մասնակիցներուն ուղղած իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը՝ ներկայացնելով այն ներդրումները, որոնք ժամանակի ընթացքին իրենց կարեւոր նպաստը բերած են յօգուտ բարեփոխումներու․

Սրբազան Պապը յիշեց նախ Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովը եւ անոր առաջին և երկրորդ նիստերու սկիզբը Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ եւ Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետերու ելոյթները, ուր առաջինը անդրադարձած է Եկեղեցւոյ թարմացման, իսկ երկրորդը՝ «Եկեղեցւոյ ծաղկուն նորացման»։

«Ուխտաւոր Եկեղեցին Քրիստոսի կողմէ կանչուած է այս շարունակական բարեփոխմանը, որու կարիքը ան ունի՝ որպէս մարդկային և երկրային հաստատութիւն» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը՝ յղում կատարելով Տիեզերական Ժողովի Համամիութենականութեան հայող հրամանագիրին (թ. 6 - «Decreto sull’ecumenismo»):

Այդ նպատակին կը ծառայէին նաեւ Կարդինալ Ռացինկէրի դիպուկ խօսքերը, երբ կը մտածեր Եկեղեցւոյ «իրական բարեփոխման», շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը եւ հաստատեց, որ «Praedicate evangelium» սահմանադրութեան նպատակը եւս բարեփոխումն է՝ «Հռոմէական Քուրիայի նորացումը»։

Ասկէ մեկնելով Ան ընդգծեց, որ «CAL-ը ներկայիս ոչ միայն Հռոմէական Քուրիայի նորացումի օրինակ է, այլ նաեւ կոչուած է ըլլալու աշխոյժ հպատակ, որ կ’օգնէ խոհեմութեամբ, զգուշաւորութեամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ գործելու այնպէս, որպէսզի ապրենք սիւնհոդոսականութիւնը»։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա իր յորդորները փոխանցեց այդ ուղղութեամբ․

CAL-ը կոչուած չէ փոխարինելու Լատին Ամերիկայի եկեղեցական կեանքէն ներս որեւէ մէկ դերակատարի, այլ կոչուած է խրախուսելու անոնց բոլորին՝ պարզութեամբ եւ խորութեամբ։

CAL-ը բոլոր զրուցակիցներու հետ, ըլլայ Սուրբ Աթոռի մէջ, ըլլայ բոլոր եկեղեցական մարմիններէն ներս, ներառեալ՝ CELAM, CEAMA, CLAR, կոչուած է խրախուսելու սինոտալ մտածողութեան, զգացողութեան և գործելու ոճ:

Որպէս ոգեշնչման աղբիւր Պապը առաջարկեց Սուրբ Խուան Տիէկոն եւ Լատին Ամերիկայի Կուատալուփէի Տիրամայրը, որոնց պատմութեան պարզութեան եւ խորութեան մէջ, ըստ Ֆրանչիսկոսի, կարելի է տեսնել միաժամանակ սիւնհոդոսականութիւն եւ հաղորդութիւն:

Կրկին հետեւեցան Անոր կոչերը․

CALը պէտք է կարողանայ ոգեշնչումի այդ ոճը ընդօրինակել եւ իր հերթին ոգեշնչումի աղբիւր դառնալ ամբողջ Լատին Ամերիկայի տարածաշրջանի մէջ եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, անոր սահմաններէն դուրս։ Ոգեշնչել՝ առանց պարտադրելու, պնդեց Պապը։

CALը պէտք է հաշտեցման, ներառականութեան, եղբայրութեան կամուրջներ կառուցէ: «Միասին քալելու» կամուրջներ, որ ոչ թէ պարզապէս հռետորական արտայայտութիւն ըլլայ, այլ իսկական հովուական փորձ դառնայ:

Սրբազան Քահանայապետը, ի վերջոյ, 2025ի Յոբելենական Սուրբ Տարուան յղում կատարելով յոյս յայտնեց, որ որ «CALի բոլոր անդամները իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերեն անոր եւ կը հրաւիրեն Աստուծոյ ժողովուրդը ուխտագնացութիւն կատարելու եւ աւետելու յոյսի ուղերձը, որուն ունկնդիր ըլլալու եւ զայն վերագտնելու հրատապ կարիքը ունի ամբողջ տարածաշրջանը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2024, 12:07