Որոնել

2022.06.15 Porte Aperte profughi

Փախստականներու Համաշխարհային Օրուան առիթով Քահանայապետին թուիթը` մերը ընենք անոնց պատմութիւնները

ՄԱԿ-ի Փախստականներու գրասենեակը կ՛ընդգծէ, որ աշխարհի մէջ, բռնութիւնը ամէն օր կը ստիպէ հարիւրաւոր մարդոց փախչելու սեփական տուներէն, հաստատաելով, որ այս պայմաններուն մէջ առաւել կարեւոր է միջազգային հանրութեան ցուցաբերած աջակցութիւնը:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«#Փախստականներուն դէմքերը, աչքերը կը խնդրեն մեզմէ այլ կողմ չնայիլ, չուրանալ մեզ միաւորող մարդկութիւնը, իրենց պատմութիւնները դարձնել մերը և չմոռանալ անոնց ողբերգութիւնները»։ Գրառումն է սա զոր կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապը, այսօր` Հինգշաբթի 20 Յունիս 2024ին ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած Փախստականներու Համաշխարհային Օրուան առիթով։

Արդարեւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր ժողովի որոշմամբ 2000-ին՝ Յունիս 20-ը ընդունուած է իբրեւ Փախստականներու միջազգային օր:

Տարիներ շարունակ տարբեր երկիրներ ունեցած են փախստականներուն նուիրուած իրենց յիշարժան օրերը: Ամենայայտնիներէն մին համարուած էր շարք մը երկիրներու մէջ Յունիս 20-ին նշուող ափրիկեան փախստականներու օրը:

2000-ին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Հաւաքը, ցոյց տալով իր զօրակցութիւնը Ափրիկէին, ուր մեծ թիւով փախստականներ կային, միաձայն որոշում ընդունեց Յունիս 20-ն ամէն տարի իբրեւ Փախստականներու միջազգային օր նշել:

ՄԱԿ-ի Փախստականներու գրասենեակը կ՛ընդգծէ, որ աշխարհի մէջ, բռնութիւնը ամէն օր կը ստիպէ հարիւրաւոր մարդոց փախչելու սեփական տուներէն, հաստատաելով, որ այս պայմաններուն մէջ առաւել կարեւոր է միջազգային հանրութեան ցուցաբերած աջակցութիւնը:

Նորին Սրբութեան վերոնշեալ խօսքերը քաղուած են 2-6 դեկտեմբեր 2021ին Կիպրոս եւ Յունաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին 5 դեկտեմբերին Փախստականներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին արտասանած ճառէն որուն մէջ ի միջի այլոց Քահանայապետը ըսած էր. Ամենէ առաջ, եթէ կ՛ուզենք նորէն սկսիլ պէտք է նայինք ձեր երեխաներու դէմքերուն։ Ամչնալու քաջութիւն գտնենք անոնց առջև, որոնք անմեղ են և ապագան են։ Անոնք մարտահրաւէր կը նետեն մեր խիղճին»։

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2024, 13:30