Որոնել

2023.09.12 udienza Papa con Ante Jozić, Arcivescovo tit. di Cissa, Nunzio Apostolico in Belarus 8 settembre 2023

Նշանակուեցաւ Հայաստանի ու Վրաստանի մօտ Սուրբ Աթոռի նոր Առաքելական Նուիրակը

Ֆրանչիսկոս Պապը Գերապայծառ Անթէ Եոզիչը նշանակեց Վրաստանի ու Հայաստանի հանրապետութիւններուն մօտ Առաքելական Նուիրակ։ Ան կը յաջորդէ Գերապայծառ Խօսէ Ավելինօ Պեթանքուրին ու մինչեւ օրս կը վարէր Պիելոռուսիոյ մօտ առաքելական նուիրակի պաշտօնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 28 Յունիս 2024ին Ֆրանչիսկոս Պապը Գերապայծառ Անթէ Եոզիչը նշանակեց Վրաստանի ու Հայաստանի հանրապետութիւններուն մօտ Առաքելական Նուիրակ։ Ան կը յաջորդէ Գերապայծառ Խօսէ Ավելինօ Պեթանքուրին ու մինչեւ օրս կը վարէր Պիելոռուսիոյ մօտ առաքելական նուիրակի պաշտօնը։

1967 ծնունդ Խրուաթ Գերապ. Եոզիչը 1999 թուականէն ի վեր պաշտօնավարած է Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ծառայութեան ասպարէզէն ներս։ Ան ծառայած է Հնդկաստանի, Ռուսիոյ դաշնութեան եւ Ֆիլիփինեան կղզիներու առաքելական նուիրականութիւնն մէջ, հուսկ և տասը տարի Հոնք Քոնկի մէջ՝ որպէս Չինաստանի Սուրբ Աթոռի ուսումնական առաքելութեան ղեկավար:

2019 թուականին կը նշանակուի Փղոսկրեայ Ափունքի մօտ առաքելական նուիրակ և Տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոս, սակայն թիրախ կը դառնայ ճանապարհային պատահարի մը որուն բերումով ստացած վնասուածքներու հետեւանքով չի կարողանար օծուիլ եւ ստանձնել իր պաշտօնը։ Երկարատեւ բուժումէ ետքը եւ COVID-19 համաճարակի պատճառով Ան եպիսկոպոսական օծումը կը ստանայ 2020 թուականի սեպտեմբերի 16-ին։

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2024, 12:05