Սուրբ Պետրոսի Գանձանակ․ Օգնենք Ֆրանչիսկոս Պապին իր առաքելութեան մէջ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Սուրբ Պետրոսի Գանձանակ»ը կամ «Պապի Բարեգործութեան Օր»ը, ինչպէս զայն անուանած է Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համաժողովը, ամէն տարի կը նշուի Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս Առաքելապետերու տօնի՝ 29 Յունիսի ամէնէ մօտ կիրակի օրը, որ այս տարի կը զուգադիպի 30 Յունիսին։ Այդ օրը ողջ աշխարհի համայնքները կարելիութիւնը ունին նուիրատուութիւն կատարելու Սուրբ Պետրոսի Գանձանակին։
Նպաստաւոր հնարաւորութիւն՝ օգնելու Սրբազան Քահանայապետին իր առաքելութեան մէջ, այն է՝ խաղաղութեան, գթասիրութեան եւ բոլորին առաւել մօտ եւ յատկապէս տառապողներուն ու դժուարութեան մէջ գտնուողներուն աջակցելու առաքելութեան մէջ։
Ուստի, 30 Յունիսին, բայց նաեւ տարուայ մէջ ցանկացած այլ օր, նուիրատուութիւններու միջոցաւ ցանկացած անձ կրնայ փաստացիօրէն համագործակցիլ Ֆրանչիսկոս Պապի տիեզերական այդ առաքելութեան, որ այսօր ինչպէս երբեւէ այնքան անհրաժեշտ է պատերազմներէն աւերուած, վերազինման համար մրցավազքով, անարդարութիւններով, շատ աղքատներու տառապանքներով, մարդկային կեանքի սրբութեան եւ անձի արժանապատուութեան դէմ յարձակումներով յատկանշուած աշխարհի մը մէջ։
Նորին Սրբութիւնը՝ Սուրբ Աթոռի բոլոր վերատեսչութիւններու կողմէ իրականացուող ծառայութեան շնորհիւ, ամէն օր իր ձայնը ու իր առարկայական մօտիկութիւնը կը հասցնէ բազմաթիւ բարդ իրավիճակներէն ներս։ «Սուրբ Պետրոսի Գանձանակ» անգամ փոքր դրամական նուէրը խորհրդանշական մեծ արժէք ունի։
Ամէն մէկ նուիրատուութիւն իր նպաստը կը բերէ դժուարութիւններու մէջ գտնուող անձերուն եւ ընտանիքներուն, բնական աղէտներէն ու պատերազմներէն տուժած բնակչութեան ի շահ բարեսիրական գործերուն։
Ամէն մէկ նուիրատուութիւն առարկայական միջոց մըն է ամրապնդելու Եկեղեցւոյ պատկանելութեան զգացումը եւ սէրը Հռոմի Եպիսկոպոսին հանդէպ, մասնակցելու Աւետարանը աւետելու Անոր առաքելութեանը, ինչպէս նաեւ համագործակցելու Անոր՝ մարդկային համապարփակ զարգացման, կրթութեան, խաղաղութեան, արդարութեան եւ եղբայրութեան խթանմանը ի նպաստ ծառայութեան մէջ։
Կատարէ՛ այժմ քու նուիրատութիւնդ․
IT: https://www.obolodisanpietro.va/it/dona.html
ENG: https://www.obolodisanpietro.va/en/dona.html
ES: https://www.obolodisanpietro.va/es/dona.html
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ