Որոնել

2024.06.12 Sua Santità Aram I

Ֆրանչիսկոս Պապ - Արամ Ա Վեհափառ հանդիպում Վատիկանի մէջ

Շօշափուած նիւթերու շարքին էին. Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու առաւել ծաւալումը... Սուրբ Յարութեան տօնը բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ միասնաբար նոյն թուականին նշելու հարցը: Երրորդ Վատիկանի ժողով մը գումարելու անհրաժեշտութիւնը...: Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան ամրապնդումը եւ նոր նախագահի ընտրութիւնը: Ազրպէյճանի մէջ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու շուտափոյթ ազատ արձակումը: Արցախի հայութեան վերադարձը իր պապենական հողերը՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 12 Յունիս 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախ քան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ չորեքշաբթի օրուան ընդհանուր ունկնդրութիւնը նախագահելը, Պօղոս Զ անուան դահլիճի իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց ՄԱԿ-ի Նիու Եորքի գրասենեակի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ Գերապայծառ Կապրիելէ Քաչչա, ապա Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը, հուսկ “Grupo de Trabajo por Colombia” խումբի անդամները։

Յայտնենք. որ Արամ Ա Վեհափառը Հռոմ ժամանած է Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Լիբանանի դեսպանութեան եւ Քահանայապետական Արեւելեան ինստիտուտի հրաւէրով, դասախօսութիւն մը տալու «Կրօնին դերը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ» նիւթի մասին: Դասախօսութիւն` որ տեղի ունեցաւ երեքշաբթի 12 Յունիսի կէսօրէն ետքը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ Լիբանանի դեսպան Տիար Ֆրարիտ Ալ Խազէն եւ Քրիստոնեաներու Միութեան խթանումի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քիւրդ Քոխը ի ներկայութեան Ամենապատիւ եւ Գերերջ. Տ.Տ. Ռաֆայէլ - Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց  Պատրիարքին ու այլ

 եկեղեցական ու ակադեմիական ասպարէզի անձնաւորութիւններու եւ ուսանողներու։

Դասախօսութեան աւարտին ներկաներէն ոմանք հարցումներ ուղղեցին Վեհափառ Հայրապետին, հայող Միջին Արեւելքի կացութեան, Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն ու նաեւ Հայաստանի իրադարձութիւններուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ  Արամ Ա վեհափառ հանդիպում Վատիկանի մէջ
Ֆրանչիսկոս Պապ Արամ Ա վեհափառ հանդիպում Վատիկանի մէջ

Հռոմ կեցութեան ընթացքին նախատեսուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին զանազան պաշտօնական հանդիպումներ, որոնց շարքին Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր, Քրիստոնեաներու Միութեան խթանումի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քիւրդ Քոխի եւ Արեւելեան (կաթողիկէ) Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթիին հետ։

Արամ Ա եւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին միջեւ հանդիպումը տեւեց գրեթէ երեսուն վայրկեան, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ երկու եկեղեցապետերու միջեւ առանձնազրոյց, հուսկ պատուիրակութիւններու ներկայացում։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Քրիստոնեաներու Միութեան խթանումի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քիւրդ Քոխը։

Հանդիպման ընթացքին տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ

առաջարկուած հետեւեալ կէտերուն շուրջ.-

ա) Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու առաւել ծաւալումը ու յարաբերութիւնը գործակցութեան

վերածելու հրամայականը:

բ) Սուրբ Յարութեան տօնը բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ միասնաբար նոյն թուականին նշելու հարցը:

գ) Երրորդ Վատիկանի ժողով մը գումարելու անհրաժեշտութիւնը՝ գործօն ներկայութեամբ ոչ-կաթողիկէ

եկեղեցիներուն:

դ) Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան ամրապնդումը եւ նոր նախագահի ընտրութիւնը:

ե) Ազրպէյճանի մէջ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու շուտափոյթ ազատ արձակումը:

զ) Արցախի հայութեան վերադարձը իր պապենական հողերը՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ:

 Ֆրանչիսկոս Պապ Արամ Ա վեհափառ հանդիպում Վատիկանի մէջ
Ֆրանչիսկոս Պապ Արամ Ա վեհափառ հանդիպում Վատիկանի մէջ

Արամ Ա Կաթողիկոսին կ՛ընկերանային կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջեկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան, ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան։

Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2024, 12:00