Որոնել

2024.06.23 Angelus

Շարունակենք աղօթել խաղաղութեան համար. Անհրաժեշտ է բանակցութիւններ վարել. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Սուրբ Հոգին լուսաւորէ կառավարիչներուն մտքերը, այնտեղ զեղելով իմաստութիւն ու պատասխանատուութեան զգացումը, որպէսզի խուսափին որեւէ արարքէ կամ խօսքէ, որ կարող է հակամարտութիւն հրահրել, եւ փոխարէնը վճռական կերպով նպատակաուղղուած ըլլան հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման: Անհրաժեշտ է բանակցութիւններ վարել»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 23 Յունիս 2024ի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը ողջունելով այս առիթով Իտալիոյ տարբեր շրջաններէն ու աշխարհի զանազան երկիներէն Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորները հրաւիրեց զանոնք շարունակելու աղօթել խաղաղութեան համար, «մասնաւորապէս Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, եւ Իսրայէլի համար» ըսաւ Ան, ցոյց տալով հրապարակի վրայ ծածանող Իսրայէլի դրօշը ու զայն նկատելով «կոչ ի նպաստ խաղաղութեան»։

Աղօթենք խաղաղութեան համար

«Աղօթենք խաղաղութեան համար» կրկնեց Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով Պաղեստինի, Կազայի, Քոնկոյի ու նաեւ Ուքրանիոյ ապա հայցեց որ «Սուրբ Հոգին լուսաւորէ կառավարիչներուն մտքերը, այնտեղ զեղելով իմաստութիւն ու պատասխանատուութեան զգացումը, որպէսզի խուսափին որեւէ արարքէ կամ խօսքէ, որ կարող է հակամարտութիւն հրահրել, եւ փոխարէնը վճռական կերպով նպատակաուղղուած ըլլան հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման: Անհրաժեշտ է բանակցութիւններ վարել» յարեց Սրբազան Պապը:

 Հայր Մանուել Պլանքոյի յիշատակը

Ան ապա յիշեց անցեալ օր վախճանած 85 ամեայ Հայր Մանուել Պլանքոն, որ եղած է Քահանայապետին երբեմնի խոստովանահայրը եւ որուն մահուան ի լուր Նորին Սրբութիւնը փութաց Քառասուն նահատակ Մանուկներու եւ Պապիլոնի Սուրբ Փասքուալէ անուան Եկեղեցի, աղօթելու անոր շիրիմին առջեւ։

«Ֆրանչիսկեան քահանայ, որ 44 տարիներէ ի վեր կը բնակէր Քառասուն նահատակ մանուկներ եւ Պապիլոնի Սուրբ Փասքուալէ Եկեղեցւոյ մէջ, ու եղաւ մեծաւոր, խոստովանահայր, ու խրատի մարդ» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ աւելցուց` «զայն յիշելով կ՛ուզեմ յիշել բազմաթիւ Ֆրանչիսկեան եղբայրները, որոնք պատուեցին ու կը շարունակեն պատուել Հռոմի Եկեղեցին։ Շնորհակալութիւն անոնց բոլորին» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու հրաժեշտ առաւ ներկաներէն անոնց մաղթելով բարի կիրակի եւ սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2024, 12:13