Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց «Centesimus Annus Pro Pontifice» հիմնարկի տարեկան միջազգային համաժողովի մասնակիցները Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց «Centesimus Annus Pro Pontifice» հիմնարկի տարեկան միջազգային համաժողովի մասնակիցները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Արհեստական բանականութիւնը թող ողջ մարդկութեան օգտակար ըլլայ»

Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց «Centesimus Annus Pro Pontifice» հիմնարկի տարեկան միջազգային համաժողովի մասնակիցները ու անոնց ուղղեց իր սիրտի խօսքը, որուն առանցքը եղաւ արհեստական բանականութեան ճիշդ օգտագործումը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 22 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց «Centesimus Annus Pro Pontifice» հիմնարկի տարեկան միջազգային համաժողովի մասնակիցները։ Համաժողովին այս տարուան նիւթն է « Արհեստական բանականութիւնը եւ «դեկնոկրատական» օրինակը. Ինչպէս խթանել մարդկութեան բարեկեցութիւնը, բնութեան հոգ տանիլը եւ խաղաղութեան աշխարհ մը։

«Սա թեման մըն է, որ արժանի է յատուկ ուշադրութեան, որովհետեւ արհեստական բանականութիւնը վրդովիչ ձեւով ազդեցութիւն ունի տնտեսութեան, ընկերութեան վրայ եւ կարող է բացասական ազդեցութիւն ունենալ կեանքի որակի վրայ, անձերու եւ ազգերու միջեւ յարաբերութիւններուն վրայ, միջազգային կայունութեան եւ մեր ընդհանուր տան վրայ», ըսաւ Սրբազան Հայրը պատգամին սկիզբը, ան ապա վերյիշեց Եօնթեակ հզօր երկիրներուն ներկայացուցիչներուն փոխանցած պատգամէն այն համոզումը, որ արհեստական բանականութիւնը պէտք է մնայ մարդու ձեռքերուն մէջ իբրեւ գործիք, իբրեւ միջոց եւ հրամայական է արհեստական բանականութեան բարոյական օգտագործումը ու զարգացումը ու քաղաքականութեան պարտականութիւնն է շօշափելի գործունէութիւններ որդեգրել կառավարելու համար ընթացող արուեստագիտական գործընթացը՝ համընդհանուր եղբայրութեան եւ խաղաղութեան ուղղութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, որ արհեստական բանականութիւնը կը ծառայէ մարդկութեան կարիքները բաւարարելու եւ անձերու համապարփակ զարգացումն ու բարօրութիւնը բարելաւելու ու այս ուղղութեամբ թելադրեց հետեւեալ կէտերը։

- Ուսումնասիրել արհեստական բանականութեան օգտագործումով ընդունուած որոշումներուն պատասխանատուութեան թեման։

- Սահմանել համապատասխան խթաններ եւ արդիւնաւէտ կարգաւորում, մէկ կողմէ խթանելու համար օգտակար բարոյական նորարումը, որ օգտակար է մարդկութեան առաջընթացի համար, միւս կողմէ սահմանել կամ արգիլել անցանկալի հետեւանքները։

- Կրթութեան, կազմաւորման, հաղորդութեան ողջ աշխարհը պէտք է սկսի համակարգուած գործընթաց՝ բարձրացնելու համար գիտելիքներն ու գիտակցութիւնը, թէ ինչպէս ճշտօրէն պէտք է օգտագործել արհեստական բանականութիւնը եւ ինչպէս փոխանցել նոր սերունդներուն, մանկութենէն սկսեալ այդ գործիքներուն նկատմամբ քննադատական կարողութիւնը։

- Գնահատել արհեստական բանականութեան արդիւնքները աշխատանքի աշխարհին վրայ

- Ուշադրութեամբ Ուսումնասիրել արհեստական բանականութեան դրական եւ բացասական արդիւնքները անվտանգութեան եւ գաղտնիութեան մարզերէն ներս։

- Դիտարկել եւ խորութեամբ ուսումնասիրել մարդկանց յարաբերական եւ ճանաչողական կարողութիւնները ու անոնց վարուելակերպերու վրայ ազդեցութիւնները։

- Ի վերջոյ պէտք է յիշել արհեստական բանականութեան զարգացման համար պահանջող ուժանիւթի հսկայական սպառումը, մինչ մարդիկ դէմ յանդիման կը գտնուին ուժականութեան նուրբ անցումին

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց մաղթելով, որ Centesimus Annus հիմնարկը շարունակէ զբաղիլ արհեստական բանականութեան թեմայով, քաջալերելով խիզախութեամբ շարունակել աշխատիլ ինչպէս նաեւ խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2024, 11:09