Որոնել

2024.06.01  Kelvin Edward Félix, cardinale arcivescovo emerito

Հոգին աւանդեց առ Հայր Կարդինալ Քելվին Էտուարտ Ֆելիքս, Սրբազան Պապին ցաւակցագիրը

Սրբազան Քահանայապետը «երախտապարտութեամբ» կը յիշէ հանգուցեալի «եպիսկոպոսական ծառայութիւնը» եւ յատուկէն «անոր ջանքերը խթանելու երիտասարդներուն դաստիարակութիւնը» ու նաեւ անոր «ներդրումը ի սպաս Քարայիպեան կղզիներու համայն Եկեղեցւոյ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապը իր «Խոր ցաւակցութիւնները» արտայայտեց ի լուր Կարդինալ Քելվին Թտուար Ֆելիքսի մահուան, Անթիլիան արշիպեղագոսի Saint Lucia-ի Castries, թեմին երբեմնի արքեպիսկոպոս։ 31 Մայիսի թուակիր Castries թեմի Արքեպիսկոպոսին յղած ցաւակցագիրին մէջ Սրբազան Քահանայապետը «երախտապարտութեամբ» կը յիշէ հանգուցեալի «եպիսկոպոսական ծառայութիւնը» եւ յատուկէն «անոր ջանքերը խթանելու երիտասարդներուն դաստիարակութիւնը» ու նաեւ անոր «սատարը ի սպաս Քարայիպեան կղզիներու համայն Եկեղեցւոյ»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ կը միանայ տեղական Եկեղեցւոյ ննջեցեալի հոգին յանձնելու երկնային Հօր ողորմութեան ու սիրոյն», մինչ բոլոր անոնց, որոնք կը մասնակցին Ծիրանաւորի յուղարկաւորութեան եւ անոնց` որոնք կ՜ողբան Անոր մահը, Ֆրանչիսկոս Պապը «կը շնորհէ իր օրհնութիւնները»։

Կենսագրական

30 Մայիս 2024ին մահացած Կարդինալ Վելվին Էտուար Ֆելիքսը 91 տարեկան էր։ Կարդինալի տիտղոսը ընդունած էր Ֆրանչիսկոս Պապին որոշումով 22 Փետրուար 2014 ին։ Ան ծնած էր Տոմինիքա կղզիին Roseau քաղաքին մէջ 15 Փետրուար 1933ին եւ նախնական ուսումները ստացած էր իր ծննդավայրի վարժարաններուն մէջ, ապա 1951ին մուտք գործած էր Թրինիտատի Saint John Vianney նորընծայարան ուր աւարտելէ ետք ուսումները Քահանայ ձեռնադրուած էր 8 ապրիլ 1956ին։

Սկզբնական շրջանին ծառայելէ ետք իր ծննդավայրին մէջ կը փոխադրուի Քանատա ուր 1963 կը մասնագիտանայ մանկավարժութեան մէջ իսկ 1967ին ձեռք կը բերէ ընկերաբանութեան և մարդաբանութեան մագիստրոսի կոչումը ԱՄՆի Նոթր Տամ համալսարանին մէջ (Ինտիանա):

Անգլիա փոխադրուելով ան իր հովուական ծառայութիւնը կը մատուցէ Քարայիպեան հասարակութեան ստեղծելով նաեւ «Bradford Credit Union» վարկային միութիւն մը օգնութեան հասնելով իր հայրենակիցներուն։

Հայրենիք վերադարձին կը զբաղի դաստիարակութեամբ ապա կը նշանակուի Քարայիպեան Կղզիներու Եկեղեցիներու Համաժողովի օգնական ընդհանուր քարտուղար եւ

17 Յուլիս 1981ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ զայն կը նշանակէ Saint Lucia-ի Castries թեմին արքեպիսկոպոս ուր իր ծառայութիւնը կը մատուցէ 27 տարիներ շարունակ ընտրուելով նաեւ Քարայիպեան Կղզիներու Եկեղեցիներու Համաժողովի նախագահ (1981-1986) հուսկ նաեւ Անթիլիան արշիպեղագոսի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ (1991-1997), նոյն տարիներուն մաս կազմելով նաեւ «Ընտանիքի եւ միջրկօնական երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդներուն։ Իրենն կ՛իյնայ նաեւ պատրաստել Վոյթիլա Քահանայապետին ճամբորդութիւնն ու հիւրընկալութիւնը Saint Lucia 7 Յուլիս 1986ին։

Ան արժանացած է տարբեր շքանշաններու եւ հանրային ճանաչումներու իր կազմաւորման, աղքատներու հոգատարութեան եւ այլ ասպարէզներու մէջ յանձնառութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2024, 12:14