Որոնել

2024.06.26 Udienza Generale

Ամարային արձակուրդներուն ի տես կը դադրին Քահանայապետին ունկնդրութիւնները

Ունկնդրութիւնները, ըլլան անոնք հրապարակային, առանձնական կամ յատուկ կը վերսկսին օգոստոս ամսուայ սկիզբը` չորեքշաբթի 7 օգոստոսին

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Սովորութեան համաձայն ամարային շրջանի ընթացքին, յառաջիկայ երեքշաբթի երկու Յուլիսէն մինչեւ ամսուան աւարտը կը դադարին Ֆրանչիսկոս Պապին բոլոր ունկնդրութիւնները, չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութիւնները, մասնաւոր ու յատուկ ունկնդրութիւնները». Լուրը կը հաղորդէ Քահանայապետական Տան Հոգաբարձութիւնը, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին միջոցաւ տարածած հաղորդագրութեամբ, ուր ի միջի այլոց կը տեղացուի, որ ունկնդրութիւնները կը վերսկսին օգոստոս ամսուայ սկիզբը` չորեքշաբթի 7 օգոստոսէն սկսեալ։

Առ այդ յառաջիկայ 3, 10, 17, 24 եւ 31 Յուլիսին չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ունկնդրութիւնները տեղի պիտի չունենան մինչ Յուլիս ամսուան մէջ նախատեսուած է Նորին Սրբութեան Թրիեսթէ քաղաք կէս օրուայ հովուական այցելութիւնը «Իտալիոյ կաթողիկէներու ընկերային 50րդ շաբթուան» փակման առիթով։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2024, 11:13