Սրբազան Պապը ընդունեց խոշոր ընկերութիւններու եւ դրամատուներու գործադիր տնօրէններու խումբ մը։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ 15 Յունիս 2024ին Ֆրանչիսկոս Պապը ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու ունկնդրութիւն շնորհեց նաեւ խոշոր ընկերութիւններու եւ դրամատուներու գործադիր տնօրէններու խումբի մը, որոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձաւ անոնց պարտականութիւններուն ու դերակատարութեան ինչպէս նաեւ խոշոր ընկերութիւններուն միջազգային յարաբերութիւններու շարժականութեան վրայ ունեցած ազդեցութիւններուն։
«Ձեր որոշումները ազդեցութիւն ունին հազարաւոր աշխատաւորներու եւ ներդրողներու վրայ» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ ինչպէս այսօր «տնտեսական իշխանութիւնը կապուած է քաղաքական իշխանութեան» ու այս մեխ ընկերութիւնները կը պայմանաւորեն նաեւ «կառավարութիւններու, ազգային ու միջազգային հանրային քաղաքականութեան ու զարգացումի կայունութիւնը»։
«Դուք այս իրականութիւնը կը դիտէք ներսէն, որովհետեւ ձեր աշխարհն է, սակայն հարկաւոր է, որ անոր նայիք նաեւ «քննադատական հայեացքով, խորաթափանցութեամբ, որպէսզի կարողանաք լիովին պատասխանատուութիւն կրել ձեր ընտրութեան ուղղակի և անուղղակի հետևանքներուն համար», յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը եւ ասկէ մեկնելով խօսքը կեդրոնացուց երեք մարտահրաւէրներու վրայ, այն է՝ շրջակայ միջավայրի, աղքատներուն և երիտասարդներուն հոգատարութիւնը։
Պաշտապնել շրջապատը
Մենք կը գտնուինք բնապահպանական ճգնաժամի մը դիմաց, որ կախեալ է տարբեր ենթականերէ, որոնց շարքին նաեւ տնտեսական եւ ձեռնարկատիրական ընտրանքները ... հարկ է արդարեւ նորարարութիւն, կանխելով ապագան, ու այս ընել քաջ եւ հեռատես ընտրութիւններով, որոնցմէ «առաջնահերթ է հասարակաց տան խնամքի նորարարութիւնը», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ու ներկաներուն թելադրեց չմոռնալ աղքատները` մատնանշելով «շրջանաձեւ տնտեսութեան», որ, ըսաւ Ան, դարձած է առանցքային բառ մը, որ հրաւէր կ՛ուղղէ վերաօգտագործելու եւ վերամշակելու թափօնները։
Հոգ տանիլ աղքատներուն
«Այնուամենայնիւ, մինչ մենք կը վերամշակենք նիւթերը և նիւթական թափօնները, տակաւին չսորվեցանք «վերամշակել» և չհեռացնել մարդիկը, աշխատողները, յատկապէս ամենափխրունները, որոնց համար յաճախ գոյութիւն ունի թափօններու մշակոյթը», ըսաւ Սրբզան Պապը հրաւիրելով զանոնք չգոհանալու «քիչ մը բարեսիրութեամբ», որովհետեւ «մարտահրաւէրը աղքատները ընկերութիւններուն մէջ ներառել ու զանոնք «կենսամիջոց» դարձնել է ի շահ բոլորին», յարեց Ան հաստատելով, որ իր երազն է տեսնել աշխարհ մը` ուր «մնացորդացները» դառնան դերակատարներ։
Յոյս տալ երիտասարդներուն
Նորին Սրբութեան առաջարկած երրորդ մարտահրաւէրը երիտասարդներուն վերաբերեալ էր։ «Երիտասարդները յաճախ մեր ժամանակներու աղքատներուն մաս կը կազմեն` անոնք աղքատ են նաեւ ապագայէ, կենսամիջոցէ, հնարաւորութիւններէ», յարեց Նորին Սրբութիւնը քաջալերելով ներկաները «վեհանձն ըլլալու եւ ընկալելու երիտասարդները իրենց ընկերութիւններէն ներս անոնց տալով ապագայի մը կանխիկը ու թոյլ չտալով, որ կորսնցնեն յոյսը»։
«Սիրելի բարեկամներ դուք ունիք մեծ պատասխանատուութիւն։ Թող Տէրը օգնէ ձեզի զայն գործածելու եւ արի ընտրանքներ կատարելու ի նպաստ շրջապատին, աղքատներուն ու երիտասարդներուն։ Անիկա պիտի ըլլայ ամենապտղատու ներդրումը նաեւ տնտեսական գետնի վրայ» եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին խոշոր ընկերութիւններու եւ դրամատուներու գործադիր տնօրէններու խումբին տուած վերջին յորդորը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ