Որոնել

Չորութիւն, ծաղիկ, անապատ, յոյս Չորութիւն, ծաղիկ, անապատ, յոյս 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Ըլլանք արարչագործութեան մշակողները եւ ոչ թէ գիշատիչ թռչունները

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը արարչագործութեան խնամքի նուիրուած միջազգային օրուան առթիւ։ «Յուսայ եւ գործէ արարչագործութեան հետ»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մէկ յունուսին, արարչագործութեան խնամքի նուիրուած համաշխարհային աղօթքի օրն է, «Յուսայ եւ գործէ արարչագործութեան հետ» կարգախօսով։

Հինգշաբթի, 27 սեպտեմբերին, հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին յիշեալ համաշխարհային օրուան պատգամը, որուն սկիզբը Սրբազան Հայրը կը նշէ,  թէ արարչագործութեան խնամքի նուիրուած համաշխարհային աղօթքի օրուան նիւթը կը վերաբերի Սուրբ Պօղոսի Հռոմէացիներուն ուղղած նամակին, ուր Առաքեալը կը յստակացնէ, թէ ինչ կը նշանակէ ապրիլ Սուրբ Հոգիին համաձայն եւ կը կեդրոնանայ՝ հաւատքի շնորհիւ, յստակ յոյսի վրայ, որ է Քրիստոսի մէջ նոր կեանք», նշեց Սրբազան Հայրը։

Նաեւ արարչագործութիւնը կաշառակերութեան ստրկութեան ենթակայ է

Պատգամին մէջ Սրբազան հայրը կը գրէ, թէ Հաւատք ունինք, ոչ թէ այն պատճառով, որ մենք կը հաւատանք վերացական բանի մը, զոր բանականութիւնը չհասկնար՝ հեռու, անտեսանելի, անանուն, անհասանելի Աստուծոյ խորհուրդը։ Ան կը յիշէ Սուրբ Պօղոսի խօսքը, « հաւատք ունինք, որովհետեւ Սուրբ Հոգիին մեր մէջ կ՝ապրի։ (Հռոմ 5,5)։ Քահանայապետը ապա կ՝ընդծգէ թէ ամենամեծ յոյսը Աստուծոյ սէրն է որ յաղթեց, միշտ կը յաղթէ եւ տակաւին պիտի յաղթէ ու Այս յոյսը երբեք չի հիասթափեցներ, ինչպէս նշուած է յաջորդ յոբելեանը ազդարարող կոնդակին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել կու տայ, որ Քրիստոնեայի գոյութիւնը,հաւատքի կեանք է՝ բարեգործութեան մէջ աշխուժ եւ յոյսով լեցուած, սպասելով Տիրոջ վերադարձին, Անոր փառքին մէջ։ Աստուծոյ Որդին երկիր վերադառձին հաւատք պիտի գտնէ, որովհետեւ հաւատքը պարգեւ է, մեր մէջ Սուրբ Հոգիին ներկայութեան պտուղն է, սակայն նաեւ պարտականութիւն է կատարելու ազատութեան մէջ, Հնազանդելով Յիսուսի Սիրոյ պատուիրանին։

Մարդկային ուժի վտանգը

Քրիստոնէական լաւատեսութիւնը հիմնուած է կենդանի յոյսի վրայ եւ գիտէ, որ ամէն ինչ ուղղուած է դէպի Աստուծոյ փառքը, դէպի Անոր խաղաղութեան վերջնական աւարտը, դէպի մարմնական յարութեան արդարութեան մէջ, Փառքով նշեց Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ ամբողջ արարչագործութիւնը ներգրաւուած է նոր ծննդեան գործընթացին մէջ եւ հառաչելով ազատութիւն կը սպասէ, դա թաքնուած է աճ է որ կը հասուննայ, գրեթէ մանանեխի հատիկի չափ, որ կը դառնայ մեծ ծառ։ Սկիզբը փոքր են, բայց ակնկալուող արդիւնքները, կարող են անսահման գեղեցիկ ըլլայ։

Նորին Սրբութիւն նշեց, թէ այնպէս ինչպէս մարկութիւնը, արարչագործութիւնը առանց իր մեղքին ստրկացած է եւ ի վիճակի չէ կատարել, այն ինչ բանի համար ծրագրուած է, այսինքն ունենալ մնայուն իմաստ եւ նպատակ. արարչագործութիւնը ենթակայ է տարրալուծման եւ մահուան, սրուած բնութեան նկատմամբ մարդու չարաշահումներով, սակայն այլ  իմաստով, մարդուն Քրիստոսի մէջ փրկութիւնը նաեւ արարչագործութեան վստահ յոյսն է, իրականութեան մէջ, « նաեւ միւենոյն արարչագործութիւնը պիտի ազատուի ապականութեան ստրկութենէն, մտնելու համար, Աստուծոյ որդիներուն փառքի ազատութեան մէջ»։

Սուրբ Հոգին կ՝առաջնորդէ մարդու քայլերը

Յիսուսի փառահեղ վերադարձի յոյսով ու համառ սպասումով, Սուրբ Հոգին զգօն կը պահէ հաւատացեալ համայնքը եւ կը հրահանգէ անոր փոխելու ապրելակերպը, դիմակայելու համար շրջակայ միջավայրի մարդկային անկումը եւ ցոյց տալ ընկերային քննադատութիւնը, որ առաջին հերթին փոփոխութեան հնարաւորութեան ամենակարեւոր վկայութիւնն է։ Յուսալ եւ գործել արարչագործութեան հետ կը նշանակէ միացնել ուժերը քալելով բարի կամք ունեցող բոլոր այդ մարդոց եւ կնոջ հետ, կը նշանակէ նպաստել մարդկային ուժի, անոր իմաստին եւ սահմաններուն վերաիմաստաւորման։

Սուրբ Հոգին մեզի կ՝ընկերանայ կեանքին մէջ։ Աստուած վերացական եւ անսահմանութեան գաղափար չէ, այլ սիրառատ Հայրն է, իւրաքանչիւր մարդու բարեկամ որդին է եւ Սուրբ Հոգին է որ կ՝առաջնորդէ մեր քայլերը եղբայրսիրութեան ուղիներուն վրայ։ Սուրբ Հոգիին հնազանդիլը խորապէս կը փոխէ մարդու վերաբերմունքը։ «Այսօր նաեւ ժամանակակից ֆիզիքայի յայտնագործութիւններուն շնորհիւ նիւթի եւ հոգի միջեւ կապը կը ներկայանյ աւելի գրաւիչ ձեւով» գրեց Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ Արարչագործութեան պաշտպանութիւնը հետեւաբար կարեւորագոյն աստուածաբանական ինչպէս նաեւ բարոյական խնդիր է, ըստ էութեան կը վերաբերի Աստուծոյ եւ մարդու միչեւ հիւսուածքին։ Այս հիւսուածքը կարելի է ըսել ծննդական քանի, որ սկիզբ կ՝առնէ սիրոյ արարքէն, որուն միջոցաւ Աստուած մարդը կը ստեղծէ Քրիստոսի մէջ։ Այս Աստուծոյ ստեղծիչ արարքը կը շնորհէ եւ կը հիմնէ մարդու գործունէութիւնը եւ ինչպէս նաեւ ամբողջ բարոյականութիւնը. մարդզց ազատ է իր գործի մէջ Աստուծոյ պատկերով, որ Յիսուս Քրիստոսն է,եւ այս ասոր համար արարչագործութեան ներկայացուցիչն է Յիսուս Քրիստոսի մէջ։

Թող մարդը վերահաստատէ յարաբերութիւնները Աստուծոյ, ուրիշներուն եւ տիեզերքին հետ

«Գործել եւ յուսալ Արարչագործութեան հետ կը նշանակէ ապրիլ մարմնաւորուած հաւատքով, որ գիտէ մտնել մարդոց տառապող եւ յուսադրող մարմնին մէջ, բաժնեկցելով մարմնական Յարութեան ակնկալիքը, որուն հաւատացեալները նախասահմանուած են Քրիստոսի մէջ։

Հաւատքի եւ մկրտութեան միջեւ հաւատացեալին համար կը սկսի երկրորդ կեանք՝ ըստ Սուրբ Հոգիին, սուրբ կեանք մը, Հօր զաւակներուն գոյութիւն մը, ինչպէս Յիսուսի, որովհետեւ Սուրբ Հոգիին զօրութեան հետ, Քրիստոսը մեր մէջ կ՝ապրի» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ իր պատգամին մէջ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2024, 12:31