Որոնել

San Colombano, sec. XV

Քահանայապետին պատգամը «Columban’s Day 2024» միջազգային հաւաքին

Այսօր եւս կարիքը ունինք աւետարանութեան աւիշին, որպէսզի եւրոպայի եկեղեցական ու քաղաքական հասարակութիւնները չկորսնցնեն իրենց ինքնութիւնը, չի տարրալուծուին միատարր համաշխարհայնացումի մէջ, այլ կարողանան իրենց հաւատքը եւ իրենց մշակոյթը արտայայտել` իրենց աւանդութիւններուն ստեղծագործ հաւատարմութեամբ, սատարելով ժողովուրդներու Եւրոպայի կառուցման, որ միացած ըլլայ տարբերութիւններուն միջեւ համակեցութեան եւ բաց հանդիպումին ու երկխօսութեան աշխարհի միւս քաղաքակրթութիւններուն հետ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Փիաչենցա քաղաքին մէջ 23 Յունիսին տեղի ունեցած «Columban’s Day 2024» միջազգային 25րդ հաւաքին առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամ մը յղեց հաւաքին մասնակցողներուն։

Columban’s Day միջազգային հաւաքը նուիրուած է Սուրբ Քոլոմպանոյին, խթանելու ու ճանչցնելու համար Անոր ժառանգութիւնը` որպէս հարստութիւն, ըլլայ եկեղեցական ըլլայ քաղաքացիական ոլորտէն ներս։

Սուրբ Քոլոմպանոն կելտական ​​միսիոներ վանական և աւետարանիչ եղած է, գործի մարդ եւ հմուտ դիւանագէտ, որ յայտնի էր որպէս վանահայր` Եւրոպայի մէջ բազմաթիւ վանքեր և եկեղեցիներ հիմնած ըլլալուն համար: Ան որպէս սուրբ մեծարուած է կելտական ​​եկեղեցիի, հռոմէական եկեղեցիի, ուղղափառ եկեղեցիներու և անկլիքան եկեղեցւոյ կողմէ։

Պատգամին մէջ Քահանայապետը ակնարկելով Սուրբին գործունէութեան նշեց, որ Անոր վկայութիւնն ու պատգամը հետաքրքրական են ու նոյնիսկ հրապուրիչ մեզի համար, որ «կ՛ապրինք խորասուզուած գործնական նիւթապաշտութեան մէջ եւ յաճախ տեսակ մը նոր հեթանոսութեան մէջ»։

«Արդարեւ այդ դարաշրջանին իռլանդացի վանականները Եւրոպայի մէջ ուխտագնաց եւ միսիոնար կը դառնային վեր-աւետարանելու համար այն հողամասերը, ուր քրիստոնէութեան առաջին ծաղկումը վտանգուած էր կորուստի մատնուելու...եւ այսպիսով Քոլոմպանիան վանականներուն վկայութիւնը, սատարեց պահպանելու եւ նորոգելու Եւրոպական քաղաքակրթութիւնը» գրեց Սրբազան Պապը պատգամին մէջ, դիտել տալով, որ այսօր եւս կարիքը ունինք «աւետարանութեան աւիշին, որպէսզի եւրոպայի եկեղեցական ու քաղաքական հասարակութիւնները չկորսնցնեն իրենց ինքնութիւնը, չի տարրալուծուին միատարր համաշխարհայնացումի մէջ, այլ կարողանան իրենց հաւատքը եւ իրենց մշակոյթը արտայայտել` իրենց աւանդութիւններուն ստեղծագործ հաւատարմութեամբ, սատարելով ժողովուրդներու Եւրոպայի կառուցման, որ միացած ըլլայ տարբերութիւններուն միջեւ համակեցութեան եւ բաց հանդիպումին ու երկխօսութեան աշխարհի միւս քաղաքակրթութիւններուն հետ»։

Քահանայապետը պատգամը աւարտեց շնորհակալական խօսքով մը ուղղուած բոլոր մասնակիցներուն ու յատուկ կերպով անոնց` որոնք յանձնառու են յառաջ տանելու Սուրբ Քլոմպանոյի ժառանգութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2024, 17:30