Սրբազան Պապը ընդունեց Խրուաթիայի ոտնագունդի ազգային հաւաքականը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 5 Յունիս 2024ին Ֆրանչիսկոս Պապը, նախ քան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ընդհանուր ունկնդրութիւնը նախագահելը, Պօղոս Զ անուան դահլիճի փոքրիկ սրահին մէջ ընդունեց Խրուաթիայի ոտնագունդի ազգային հաւաքականը։
Այս առիթով Սրբազան Պապը ներկաներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ յիշեց Խրուաթիայի ոտնագունդի ազգային հաւաքականին ոտնագունդի վերջին համաշխարհային խաղերու ընթացքին նուաճած երրորդ տեղը եւ զանոնք շնորհաւորելով մատնանշեց, թէ «ոտնագունդի խաղը ընդհանրական երևոյթ է, որ ընդունակ է ներգրաւել հսկայական թիւով մարդիկ եւ յառաջացնել հաւաքական զգացմունքներ»:
Ան ապա նշեց, որ պատիւ է ներկայացնել սեփական երկիրը ու թէ մարզանքի մէջ «խումբ» կազմելը հաճելի երեւոյթ է որ ինք կը սիրէ ընդգծել, «քանի որ սոցիալական կեանքի փոխաբերութիւն է, այն տարբեր միջավայրերուն մէջ, ուր մենք կ՛ապրինք և կ՛աշխատինք ուրիշներու հետ միասին» յարեց Սրբազան Քահանայապետը, աւելցնելով «անհատական արարքները կարեւոր են...բայց եթէ գերակայէ անհատականութիւնը, նպատակը ձեռք չի բերուիր» եւ ասկէ մեկնելով շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց տուած բարի օրինակին համար։
Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա մարզանքի այլ արժէքներուն, պատիւը, բարեկամութիւնը, եղբայրութիւնը, հաւատարմութիւնը եւ ինքնատիրապետումը, հրաւիրելով ներկաները չմոռնալու թէ երկրպագուները ու մասնաւորապէս երիտասարդները իրենց կը հետեւին. «Ձեր դերը մարզանքէն անդին կ՛երթայ եւ կը դառնայ յաջող ու յաջողած կեանքի մը տիպարը։ Ուստի կարեւոր է որ դուք զարգացնէք հոգևոր և մարդկային որակները՝ լաւ օրինակ դառնալու համար» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը եւ խօսքը աւարտեց ներկաներուն մաղթելով ամէն բարիք եւ անոնց շնորհելով իր օրհնութիւնները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ