Հրատապ է աշխարհ վերադարձնել սիրոյ հացի բարի ու թարմ բոյրը. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 2 Յունիս 2024ին Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց տօնին նուիրուած աւանդական սուրբ պատարագը որուն յաջորդեց Սուրբ Հաղորդութեան թափօրը դէպի Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա ուր կատարուեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը։
Սուրբ Զոհի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը քարոզը կեդրոնացուց Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած Յիսուսի վերջին ընթրիքի արարքին վրայ երբ «առաւ հացը եւ օրհնեց» եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց խորհրդածել տօնի Խորհուրդի երեք ոլորտներու վրայ` շնորհակալութիւնը, յիշողութիւնը ապա ներկայութիւնը
Շնորհակալութիւնը
Առաջին բառին մասին արտայայտուելով Նորին Սրբութիւնը, նշեց թէ հարկաւոր է շնորհակալ ըլլալ Աստուծոյ մեզի շնորհած պարգեւներուն համար, որուն առընչութեամբ հացը շատ կարեւոր է, «տրուած ըլլալով որ առօրեայ կերակուր է, որով Խորան կը տանինք այն ամէն բաները որ մեզի կը պատկանին` կեանք, գործ, յաջողութիւններ ու նաեւ ձախողութիւնները» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը օրինակներ ներկայացնելով այս ուղղութեամբ։
Ան ապա ակնարկեց հացը օրհնելու արարքին որ կը նշանակէ յիշողութիւն ու մատնանշեց որ Իսրայէլի ժողովուրդին համար յիշողութիւնը կը վերաբերէր Եգիպտոսի ստրկութենէն ազատումին, իսկ մեզի համար վերապրում է Քրիստոսին Զատիկին, անոր չարչարանքներուն ու Յարութեան, որով մեզ ազատեց մեղքէն ու մահէն։
Յիշողութիւնը
«Յիշողութիւն կատարենք Տիրոջ մեր կեանքին մէջ ներկայութեան համար» ըսաւ Սրբազան Պապը, խօսելով ազատութեան մասին ու հաստատելով, որ «ազատութիւնը չի նշանակեր մտածել միայն մենք մեր քմահաճոյքին, անիկայ չի գտնուիր գանձանակներու մէջ կամ անհատականութեան մէջ… ազատութեան կը հանդիպինք վերնատան մէջ, առանց որեւէ ուրիշ պատճառի եթէ ոչ սիրոյ» յարեց Ան։ «Անոր կը հանդիպինք երբ կը հենունք դէպի եղբայրները անոնց նուիրելու ծառայութիւնը ու մեր սեփական կեանքը» աւելցուց Սրբազան Հայրը։
Ներկայութիւնը
«Հաղորդութեան հացը ի վերջոյ իսկական ներկայութիւն է եւ մեզի կը խօսի Աստուծոյ մը մասին, որ հեռու չէ, այլ մօտիկ ու զօրակից է, որ մեզ չի լքեր, այլ մեզ կը փնտռէ եւ մեզի կ՛ընկերանայ, միշտ» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը ակնարկելով երրորդ բառին ու նշելով, որ Յիսուսին այս ներկայութիւնը մեզ ալ կը հրաւիրէ մօտիկ ըլլալու եղբայրներուն այնտեղ ուր սէրը մեզ կը կոչէ։
Կարիքը կայ սիրոյ հացի բոյրին
«Սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, մեր աշխարհին մէջ մեծ կարիքը կայ այս հացին եւ անոր բուրմունքին, բուրմունք, որ երախտագիտութեան, ազատութեան և մօտիկութեան համն ունի» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, մատնանշելով, թէ ինչպէս ամէն օր ականատես ենք բազմաթիւ ճամբաներու որոնք ժամանակին թխած հացի բուրմունքն ունէին եւ այժմ վերածուած են փլատակներու կոյտի մը, պատերազմի, եսասիրութեան և անտարբերութեան պատճառով: Հրատապ է աշխարհ վերադարձնել սիրոյ հացի բարի ու թարմ բոյրը, որպէսզի շարունակենք յուսալ ու վերակառուցել՝ այն ինչ` որ ատելութիւնը կը կործանէ»։
Յիսուս տանիլ քաղաքի տուներուն
«Ահա այս է այն ինչ, որ պիտի կատարենք քիչ ետք Սուրբ Հաղորդութեան թափօրի ժամանակ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ «Մեկնելով այս Խորանէն մեր քաղաքի տուներուն պիտի տանինք Տէրը. Այս մէկը չենք ընէր մենք մեզ ի ցոյց դնելու համար, եւ ոչ ալ մեր հաւատքը դրսեւորելու համար այլ բոլորը հրաւիրելու որ Սուրբ Հաղորդութեան հացի միջոցաւ մասնակցին նոր կեանքին, զոր մեզի շնորհեց Յիսուս»։
«Այս հոգիով մասնակցինք թափօրին» եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը։
Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ Քահանայապետին մատուցած պատարագէն ետքը տեղի ունեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան աւանդական թափօրը որուն Քահանայապետը չի մասնակցեցաւ ու հաւատացեալները սպասեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ ուր ապա գլխաւորեց Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ