Կղերի Վերատեսչութեան Լիագումար Նիստի մասնակիցները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի 6 Յունիս 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը ի շարս այլ հանդիպումներու ունկնդրութիւն շնորհեց նաեւ Կղերի Վերատեսչութեան տարեկան լիագումար նիստի մասնակցողներուն։
Նորին Սրբութիւն շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց աշխատանքին համար, որ յաճախ կը կատարուի լռելեան, իր սէրն ու մօտիկութիւնը արտայայտեց համայն աշխարհի քահանաներուն ու սարկաւագներուն, որոնց մեծամասնութիւնը, ըսաւ Ան «վեհանձնութեամբ ու հաւատքով կը գործէ ի սպաս Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդին, իրենց ուսերուն վրայ շալկելով յոգնութիւնները ու դիմագրաւելով հովուական եւ հոգեւոր ոչ դիւրին մարտահրաւէրներ»։
Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա Լիագումար Նիստի ընթացքին քննարկուելիք երեք ոլորտներու հայող նիւթերուն` քահանաներու մնայուն կազմաւորումը, կոչումներու խթանումը եւ մնայուն սարկաւագութիւնը», խօսքը հակիրճ կերպով կեդրոնացնելով այս երեք նիւթերուն վրայ։
Ան նախ խրախուսեց կազմաւորումը, ի տես նաեւ արագընթաց աշխարհին, ուր «չենք կրնար մենք զմեզ խաբել, կարծելով, որ նորընծայարաններուն մէջ ուսուցումը կարող է բաւարար ըլլալ մէկ անգամ ընդմիշտ ապահով հիմքեր դնելով» ըսաւ Ան հաստատելով, որ «կոչուած ենք ամրապնդելու, ու զարգացնելու այն ինչ, որ ամբարեցինք նորընծայութեան ժամանակ, քալելով ճանապարհի մը վրայ, որ մեզի կ՛ օգնէ հասուննալու մարդկային ոլորտէն ներս, աճելու հոգեւոր գետնի վրայ եւ գտնելու աւետարանութեան պատշաճ լեզուն, դիմագրաւելով նաեւ մեր ժամանակներու հարցերը»։ Այս առնչութեամբ Սրբազան Պապը ընդգծեց, որ կարելի չէ ուղեւորութիւնը կատարել առանձին, կարեւորելով նաեւ «յարաբերութիւններու զօրեղ ցանցի մը» ստեղծումը, մանաւանդ այն քահանաներուն համար, որոնք առանձին են իրենց առաքելութեան մէջ։ .
Խօսելով ապա կոչումներու հոգատարութեան մասին Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ թէ «ասիկա Աստուծոյ Ժողովուրդին ամենամեծ մարտահրաւէրներէն մին է», նկատել տալով, որ «կոչումները երթալով կը նուազին»...Այս ուղղութեամբ Ան թելադրեց խորհրդածել միասին, ու նկատի առնել Հոգիին նշանները ու նաեւ ի գործ դնել ստեղծագործական ծրագիրներ, համագործակցեցնելով նաեւ տեղական Եկեղեցիներուն հետ` անոնց հետ միասին եւս ցանց մը կազմելով։
Իսկ մնայուն սարկաւագութեան մասին խօսելով Ֆրանչիսկոս Պապը յղում կատարեց վերջին սիւնհոդոսէն ի յայտ եկած ցուցմունքներուն հրաւիրելով Վերատեսչութիւնը աշխատելու այդ ուղղութեամբ աւելիով յստակացնելու համար սարկաւագներուն առաքելութիւնը։ Ան ապա խօսքը աւարտեց հրաւիրելով ներկաները, որ «Աշխատին` որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդը ունենայ Քրիստոսի սրտին համաձայն հովիւներ, եւ աճի աշակերտութեան ուրախութեան մէջ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ