Որոնել

2024.06.05 Udienza Generale

Աղօթենք ու Տիրոջմէ հայցենք խաղաղութիւնը` որպէսզի աշխարհը այլեւս չի տառապի պատերազմներէ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը յայտարարեց նաեւ թէ պատրաստութեան մէջ Յիսուսի Սուրբ Սրտի պաշտամունքին նուիրուած փաստաթուղթ մը որ պիտի հրատարակուի յառաջիկայ սեպտեմբերին խնդրելով հաւատացեալներէն, որ աղօթքով ընկերանան անոր պատրաստութեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 5 Յունիսի ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ունկնդրութեան առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակ գտնուող օտարազգի հաւատացեալները իտալացի հաւատացեալներուն ուղղած ողջոյնի խօսքէն առաջ յիշեց թէ «կ՛ապրինք Յիսուսի Սուրբ Սրտին նուիրուած ամիսը» եւ այս առնչութեամբ դիտել տուաւ որ «անցեալ տարուայ 27 դեկտեմբերին յիշատակուեցաւ Յիսուսի Սուրբ Սրտին Սրբուհի Մարկերիթ Մարի Ալաքոքին առաջին երեւումին 350 ամեակը»։

«Այս առիթով բացումը կատարուեցաւ տօնակատարութիւններու մը շրջանին, որ պիտի աւարտի յաջորդ տարուայ Յունիս 27-ին» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը յայտարարելով որ ինք կը պատրաստէ փաստաթուղթ մը, որ պիտի պարունակէ նախորդ վարդապետական գրութիւններու թանկարժէք արտացոլումները և երկար պատմութիւնը, որ սկսաւ Սուրբ Գրութիւններէն, «որպէսզի այսօր համայն Եկեղեցիին կրկին առաջարկուի այս հոգևոր գեղեցկութեամբ լի պաշտամունքը» յարեց Ան հրաւիրելով «խորհրդածել Տիրոջ սիրոյ տարբեր ոլորտներու մասին, որոնք կարող են լուսաւորել Եկեղեցւոյ նորոգումի ճանապարհը, ու նաեւ ծառայեն իմաստալից բան ըսելու աշխարհի մը, որ կը թուայ կորսնցուցած ըլլալ սիրտը»։

«Ձեզմէ կը խնդրեմ աղօթքով ինծի ընկերանաք այս պատրաստութեան ժամանակահատուածին, միտումով որ յառաջիկայ սեպտեմբերին հրատարակեմ այդ փաստաթուղթը» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ապա ողջունեց երիտասարդները, հիւանդները, տարեցներն ու նորապսակները ըսելով. «Յիսուսի Սուրբ Սրտին տօնը եւ Սուրբ Կոյսի Մարիամի Անարատ Սրտին յիշողութիւնը, զոր Եկեղեցին կը պատրաստուի տօնախմբելու յառաջիկայ օրերուն, մեզի կոչ կ՛ուղղեն Քրիստոսի փրկարար սիրոյ համապատասխանելու անհրաժեշտութեան ու մեզ կը հրաւիրեն վստահութեամբ յանձնուելու Տիրոջ Մօր բարեխօսութեան»։

Ան ապա հրաւիրեց Տիրոջմէ հայցելու խաղաղութիւնը, Անոր մօրը բարեխօսութեամբ. «Խաղաղութիւն մարտիրոս Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի ու Միանմարի» կրկնեց Քահանայապետը եւ հրաւիրեց աղօթելու, որպէսզի Տէրը մեզի շնորհէ խաղաղութեան պարգեւը եւ աշխարհը այլեւս չի տառապի պատերազմներէ»։

Թող Տէրը օրհնէ ձեզ բոլորդ ըսաւ Ան իր օրնութիւնները շնորհելով բոլոր ներկաներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2024, 11:08