Ընտանիքներու համաշխարհային Օրուան նուիրուած Սրբազան Պապին թուիթը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Գրառումն է սա զոր կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ընկերային X ցանցին վրայ, մէկ Յունիս 2024ին, Ծնողներու Համաշխարհային Օրուան առիթով։
Օր` որ հաստատուած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր Ժողովի կողմէ 17 սեպտեմբեր 2012ին նպատակ ունենալով` յարգել աշխարհի բոլոր ծնողները։ Համաշխարհային այս օրը յարգանքի տուրք է` ծնողներու նուիրուածութեան եւ անոնց զոհաբերութեան համար` ապահովելու իրենց երեխաներուն ապագան: Ծնողներու առաջնային պարտականութիւնն է արդարեւ` երեխաներու խնամքը, անոնց պաշտպանելը և ապահովել անոնց անհատականութեան ներդաշնակ զարգացումը։ Ընտանիքը պէտք է երաշխաւորէ երջանկութեան, սիրոյ և փոխ ըմբռնման մթնոլորտ, որպէսզի երեխաները կարողանան աւելի լաւ զարգանալ և դիմակայել ապագան:
Սրբազան Քահանայապետին վերոնշեալ խօսքերը քաղուած են 25 Յունիս 2022ի Նորին Սրբութեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ արտասանած քարոզէն` Ընտանիքներու Համաշխարհային 10րդ Հաւաքին առիթով։
Քարոզին մէջ Սրբազան Պապը ի միջի այլոց հաստատած էր նաեւ, որ «Ընտանիքը վայրն է ուր կը սորվինք սիրել եւ դուրս գալ մենք մեզմէ» ապա հաստատած էր թէ «ընտանեկան սէրը զաւակները կը մղէ թռիչք առնելու։ Անիկայ ազատութեան սէր է» եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրած էր երիտասարդները «տագնապի պահուն չընտրելու դիւրին ճամբան, չվերադառնալու իրենց մօր տունը» այլ շարունակել յառաջ ընթանալ` «յառաջ ընթացէք, խիզախ արկածախնդրութեամբ» հրաւէր ուղղած էր Ֆրանչիսկոս Պապը:
Այս առթիւ յայտնենք որ Ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքներու կազմակերպութիւնը սկիզբ առած է 1994-ին Հռոմի մէջ, 8 – 9 Հոկտեմբերին։ Այս թուականէն ասդին հաւաքը կազմաւորեցուեցաւ ամէն երեք տարին անգամ մը աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ, Հռոմ, Ռիօ ՏԷ Ժանէյրօ, Մանիլա, Վալենսիա, Մեսսիքօ, Միլան, Ֆիլատելֆիա, Տուպլին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ