Որոնել

Pope Francis holds weekly general audience at the Vatican

Սրբազան Պապին նորոգուած կոչը վասն խաղաղութեան

Յառաջիկայ շաբաթ օր պիտի տօնախմբեն Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալներուն տօնը, Հռոմի պաշտպան սուրբերը։ Անոնց օրինակով եղէք միսիոնար աշակերտներ, ամենուրէք վկայելով Աւետարանի գեղեցկութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը, անոնց հովանիին յանձնելով պատերազմներէն տառապող ժողովուրդները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր եւս` Չորեքշաբթի 26 Յունիսի հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, սովորութեան համաձայն նորոգեց իր կոչը վասն խաղաղութեան Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերուն յանձնելով պատերազմներէն տառապող ժողովուրդները։

Արդարեւ Ան իտալացի ուխտաւորներուն ուղղած խօսքէն ետքը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն ու նորապսակներուն յիշեցնելով` որ «յառաջիկայ շաբաթ օր, պիտի տօնախմբենք Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալներուն տօնը, Հռոմի պաշտպան սուրբերը։ Անոնց օրինակով եղէք միսիոնար աշակերտներ, ամենուրէք վկայելով Աւետարանի գեղեցկութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը, անոնց հովանիին յանձնելով պատերազմներէն տառապող ժողովուրդները, «մարտիրոս Ուքրանիան, Պաղեստինն ու Իսրայէլը, Միանմարը, որպէսզի կարողանան շուտով վերագտնել խաղաղութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2024, 10:09