Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Հռոմի թեմի քահանաներու հետ

Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի իրենց ձեռնադրութեան 11էն մինչեւ 39րդ տարեդարձը նշող քահանաներուն հետ, հանդիպումը տեղի ունեցած փակ դռներով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 11 յունուարին, յետմիջօրէին, Հռոմի Քահանայապետական Սալեզեաններուն համալսարանէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ իրենց ձեռնադրութեան 11էն, մինչեւ 39րդ տարեդարձը նշող քահանաներու հետ։
Փակ դռներով Հռոմի թեմի կղերի անդամներուն եւ Ֆրանչիսկոս Պապին միջեւ հանդիպումին ընթացքին քննարկումի նիւթ հանդիսացան հովուական ծառայութեան հարցեր,ինչպէս տարեցներու մօտիկութիւնը, թմրանիւթերու մէջ ներգրաւուած երիտասարդները, միայնական անձեր, ինչպէս նաեւ ժամանակից խնդիրներ՝ պատերազմները, եւ քաղաքական ձեռնպահ մնալը։

«Քահանայական կեանքին մէջ անտեսանելին աւելի կարեւոր է, քան տեսանելին, որովհետեւ սա աւելի խիտ է, աւելի ցաւալի» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով «Մենք որպէս քահանաներ մեր աշխատանքն է երթալ եւ փնտռել այդ մարդիկը» որովհետեւ« եկեղեցին կամ մարգարէական է կամ ալ կղերապաշտ։»

Նորին Սրբութիւնը զրուցեց երկխօսութեան մասին եւ այս առնչութեամբ անդրադարձաւ Եւրոպայի եւ աշխարհի ներկայ իրավիճակին, յիշելով Սուրբ Երկիրը, Ուքրանիան, Միանմարը, Քոնկոն , ծէնքերու վաճառականութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց քահանաները աշխատելու եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան համար՝ ընդհանուր բարօրութեան եւ խաղաղութեան համար։
Ի վերջոյ ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ եկեղեցւոյ գաղափարախօսութիւններու վտանգի մասին եւ ակնարկեց միասեռականութեան հակում ունեցող նորընծաները ընդունելու թեմային մասին, վերահաստատելով զանոնք եկեղեցւոյ մէջ ընդունելու եւ առաջնորդելու անհրաժեշտութիւնը եւ դպրեվանք մտնելու շուրջ կղերի վերատեսչութեան խոհեմ թելադրանքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպումի ներկայ գտնուող վարդապետներուն իրենց մատուցած ծառայութիւններուն համար, յորդորելով զանոնք շարունակելու իրենց աշխատանքին մէջ եւ ունկնդրելու իրենց դիմող բոլոր անձերը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2024, 10:22