Որոնել

Ափրիկէ, աղքատութիւնը, մոռցուած կիներ ու մանուկներ Ափրիկէ, աղքատութիւնը, մոռցուած կիներ ու մանուկներ  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Ոչ մէկը կրնայ հանգիստ բնակիլ եթէ գիտէ որ իր շուրջը կան սոված եղբայրներ եւ քոյրեր

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Գիտութիւններուն քահանայապետական կաճարի նախաձեռնութեամբ, Debt Crisis in the Global South կազմակերպութեան հանդիպումի մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 5 մայիսին, առաւօտեան, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց, Գիտութիւններուն քահանայապետական կաճարի նախաձեռնութեամբ, Debt Crisis in the Global South կազմակերպութեան հանդիպումի մասնակիցները։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր երախտագիտութիւնը  յայտնեց յիշեալ կազմակերպութեան, որովհետեւ կ՝իրականացնէ քաղաքականութիւն մը, որ կ՝օգնէ լուծել պարտքի խնդիրը ,զոր կը տառապեցնէ հարաւի շատ մը երկիրներ ու կ՝ազդէ ամբողջ աշխարհի մէջ միլիոնաւոր ընտանիքներուն եւ մարդոց վրայ։
«Մարդիկ որեւէ ֆինանսական կարիք չ՝ունի, այլ միայն այն ինչ, որ կ՝ընթադրէ բաժնեկցուած պատասխանատուութիւն մը ստացողին եւ տրամադրողին միջեւ», ըսաւ Ան։

Նորին Սրբութիւնը ապա դիտել տուաւ, որ վատ կառավարուող համաշխարհայնացումէն ետք, համաճարակէն եւ պատերազմներէն ետք կը գտնուինք պարտքի տագնապի դիմաց, որ կը հարուածէ աշխարհի հարաւի երկիրները, առաջացնելով թշուառութիւն եւ տագնապ ու զրկելով միլիոնաւոր մարդոց արժանավայել ապագայի մը հնարաւորութենէն։

«Պարտքի ֆինանսաւորման շրջանագիծը կտրելու համար անհրաժեշտ է ստեղծել բազմազգային կազմուածք, հիմնուած ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութեան եւ զօրակցութեան վրայ, որ հաշուի կ՝առնէ համաշխարհային խնդիրին նշանակութիւնը եւ անոր տնտեսական, ֆինանսական եւ ընկերային հետեւանքները» ըսաւ Սրբազան հայրը, հաստատելով, որ «իր նախորդներուն վարդապետութեան համաշունչ, արդարութեան եւ զօրակցութեան սկզբունքները են, որ կը տանին լուծումներ գտնելու»։

«Այսօր առաւել քան երբեք հրատապ է նկատի ունենալ, որ բնահպանական պարտքը եւ արտաքին պարտքը նոյն մետաղադրամի երկու կողմերն են, որ կը գրաւադրեն ապագան։ Այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը շեշտեց որ 2025 յոբելինական տարին հրաւէր է բանալու մեր սիրտերն ու միտքերը, որպէսզի կարենանք արձակել ներկան խեղդող օղակներուն հանգոյցները չմոռնալով, որ մենք միայն պահապան եւ կառավարիչ ենք եւ ոչ թէ վարպետներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց միասնաբար երազելու եւ գործելու ընդհանուր տան կառուցման համար, դիտել տալով որ ոչ մէկը կրնայ անոր մէջ բնակիլ հանգիստ սիրտով երբ իրազեկ է, որ իր շուրջը կան անօթի եղբայրներ եւ քոյրեր որոնք նոյնպէս ընկղմած են ընկերային բացառման եւ խոցելիութեան մէջ»։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց տալով իր առաքելական օրհնութիւնը եւ խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2024, 09:50