Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Պոլոնիա քաղաքի Իմամին հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Պոլոնիա քաղաքի Իմամին հետ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Խաղաղութեան կառուցման նուիրուած հաւատացեալներու կարիքը կայ

Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքէն ժամանած մահմետականներու պատուիրակութիւն մը ու անոնց փոխանցած գրաւոր պատգամին մէջ շեշտը դրաւ, այն իրողութեան վրայ, որ ամէն մէկ անձ պէտք է ազատ զգայ իր կրօնը ընտրելու որոշումին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 26 յունիսին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքէն ժամանած մահմետականներու պատուիրակութիւն մը ու անոնց փոխանեց գրաւոր պատգամը մը,  որուն մէջ գրեց, թէ «Յիսուս մեզի սորվեցուցած մէկը միւսին ընդունիլ՝ իբրեւ եղբայրներ եւ այս մէկը կը վերաբերի առաջին հերթին քրիստոնեաներուն, Հրէաներուն, Մահմետականներուս, որոնք միակ Աստուած կը պաշտեն եւ որոնք տարբեր ձեւերով Աբրահամի կ՝անդրադառան՝ իբրեւ հաւատքի մէջ Հայր եւ Քրիստոնեաներուն եւ մահմետականներու միջեւ անկեղծ եւ յարգելից երկխօսութիւնը պարտականութիւնն է, բոլոր անոնց որոնք կը փափաքին հնազանդիլ Աստուծոյ կամքին եւ այս երկխօսութիւնը կը պահանջէ իւրաքանչիւր անձի արժանապատւութեան եւ իրաւունքներու արդիւնաւէտ ճանաչում եւ որոնց գլխաւորը խղճի եւ կրօնի ազատութեան իրաւունքն է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ամէն մարդ պէտք է լիովին ազատ ըլլայ իր կրօնը ընտրելու որոշումին մէջ, նշեց Սրբազան Հայրը շեշտելով որ «Իւրաքանչիւր հաւատացեալ պէտք է ազատ զգայ առաջարկելու՝ երբեք չպարտադրուած իր կրօնը ուրիշ մարդոց, անոնք հաւատացեալներ ըլլան կամ ոչ եւ այս մէկը կը բացառէ դաւանափոխութեան ամէն ձեւ, հասկցուած որպէս ճնշում կամ սպառնալիք. Պէտք է մերժուի ամէն տեսակի ֆինանսական եւ աշխատանքային նպաստ, պէտք չէ օգտուիլ մարդոց անուսութենէն ու ասոնցմէ զատ տարբեր կրօններու պատկան անձերու միջեւ ամուսնութիւնները պէտք չեն առիթ դառնան, որ ամուսինը կամ կինը փոխեն իրենց կրօնքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց նշելով, որ աշխարհը յատուկէն այս պատմական պահուն, պահանջը ունի համահունչ հաւատացեալներու եւ վճռականօրէն նուիրուած ընկերային եւ համաշխարհային խաղաղութեան կերտման եւ պահպանման։ «Շնորհակալ եմ ձեզի, որ ձեր համայնքներու հետ միասին, խաղաղութեան այս արհեստաւորներուն շարքին էք»գրեց Սրբազան Հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2024, 10:40