Ֆրանչիսկոս Պապի նամակը Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր ուխտի օրուան կապակցութեամբ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Մարիա Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերի ուխտի 80-րդ տարեդարձին կապակցութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապ յղելով նամակը մը Հռոմի թեմի օգնական եպիսկոպոսներէն, գերապայծառ Պալտասար Ռէյնաին իր հոգեւոր մօտիկութիւնը փոխանցեց Հռոմի համայնքին։ Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց, որ 80 տարի ետք, այդ իրադարձութեան յիշողութիւնը՝ որ լի է խորունկ իմաստով առիթ կը հանդիսանայ աղօթելու բոլոր անոնց համար որոնք զոհ ինկան երկրորդ համաշխարհային հակամարտութեան ընթացքին։
Սրբազան Հայրը ապա նկատել տուաւ, որ տակաւին աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ բաց են շատ մը պատերազմներ, Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Սուտանի, Միանմար մէջ, մաղթելով, որ կազմակերպուած նախաձեռնութիւնները՝ յիշատակելու համար ժողովրդական Աստուածամօր ուխտը, վերակենդանացնել Հռոմէացիներու մէջ ամենուրեք ըլլալու խաղաղութեան կերտողները, վերսկսելով եղբայրութիւնը, որպէս հակամարտութիւններու եւ ռազմական գործողութիւններու վերակազմակերպման կարեւոր պայման։
Սրբազան Հայրը նամակը աւարտեց ապահովուելով իր աղօթքը եւ տալով իր առաքելական օրհնութիւնը, Հռոմի ողջ բնակչութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ