Որոնել

Preparations for 80th anniversary of D-Day in Normandy

Ֆրանչիսկոս Պապ «Ժողովուրդները խաղաղութիւն կ՝ուզեն։ Կը փափաքին կայունութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման պայմաններ

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը դաշնակից ուժերուն Նորմատիա հասնելուն 80-րդ տարեդարձին կապակցութեամբ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորահաւորական նամակ մը յղեց Bayeux e Lisieux թեմի եպիսկոպոս գերապայծառ Ժաք Հապերթին, Նորմատիոյ մէջ դաշնակից ուժերուն ցամաք հասնելուն 80-րդ տարեդարձին կապակցութեամբ։

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց, որ աղօթքով եւ միտքով կը միանայ հազարաւոր անձերուն, որոնք Bayeux տաճարին մէջ հաւաքուած են ոգեկոչելու համար դաշնակից ուժերու Նորմատի հասնելուն յիշատակը։

«Մենք մեր յիշողութեան մէջ կը պահենք այդ վիթխարի եւ տպաւորիչ հաւաքական եւ ռազմական ջանքերու յիշատակը, որ գործադրուեցաւ՝ դէպի ազատութիւն վերադառնալու համար։ Մենք կը մտածենք նաեւ այդ ջանքերուն համար վճարուած գինը, այն բազմաթիւ գերեզմանները, ուր շարուած են հազարաւոր զինուորներ, որոնցմէ շատեր երիտասարդներ կամ ալ հեռուէն եկած են եւ որոնք հերոսաբար զոհեցին իրենց կեանքը, թոյլ տալով երկրորդ պատերազմի աւարտը» նշեց Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ դաշնակից ուժերուն ցամաք հասնիլը կը յիշեցնէ այդ ահռելի համաշխարհային պատերազմէն առաջացած աղէտը, ուր հազարաւոր մարդիկ, կիներ, մանուկներ, ընտնիքներ զոհուեցան։

«Ժողովուրդները խաղաղութիւն կ՝ուզեն։ Կը փափաքին, կայունութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման պայմաններ, ուր իւրաքանչիւրը կարող է խաղաղօրէն իր պարտականութիւնը կատարել եւ իր ճակատագիրը կերտել»նշեց Սրբազան Հայրը հրաւիրելով աղօթելու բոլոր անոնց համար, որոնք կ՝ուզեն պատերազմներ հրահրել, որպէսզի Տէրը լուսաւորէ անոնց սիրտերը ու անոնց աչքերու առջեւ դնէ իրենց պատճառած դժբախտութիւններու շքերթը։ Հրաւիրեց աղօթելու խաղաղարարներու համար նշելով, որ խաղաղութիւնը ուզելը վախկոտութիւն չէ, ընդհակառակը մեծ քաջութիւն կը պահանջէ, բանէ մը հրաժարիլ կարենալու քաջութիւնը։

Ի վերջոյ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց աղօթելու պատերազմներու զոհերու համար, անցեալի եւ ներկայի պատերազմները։ «Թող Տէրը իր մօտ ընդունի բոլոր անոնց որոնք զոհուեցան ահռելի պատերազմներու ընթացքին, թող օգնէ բոլոր անոնց որոնք կը տառապին հակամարտութիւններէն, «աղքատները, տկարները, տարեց անձերը, կիները եւ մանուկները միշտ առաջին զոհերն եւ այդ ողբերգութիւններուն» նշեց Սրբազան Հայրը։ Ան նամակը աւարտեց հայցելով Նորմատիոյ պաշտպան սուրբ Միքայէլի հովանին եւ խաղաղութեան Թագուհի Տիրամօր բարեխօսութիւնը եւ շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2024, 17:00