Ֆրանչիսկոս Պապին նախաբանով «Յիսուսի մեծագոյն հրաշքի» նուիրուած նոր հատոր
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 4 յունիսին լոյս կը տեսնէ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ստորագրութիւնը կրող նախաբանով «Ղազարոս դուրս եկուր» վերնագիրով, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Ամերիկացի Հայր Ժէյմս Մարթինի հատորը։
Նախաբանին մէջ Սրբազան Հայր բարձր կը գնահատէ հեղինակին՝ «Յիսուսի մեծագոյն հրաշքի», Ղազարոսի Յարութեան նուիրած գիրքը, նշելով որ Հայր Ժէմս այդ աստուածաբանական դէպքի մասին կը խօսի, տարբեր հեղինականներուն նայուածքով եւ ուսումնասիրութիւններով։
Ֆրանչիսկոս Պապ նախաբանին մէջ ապա խօսքը կը կեդրոնացնէ Սուրբ Գիրքին ընթերցումին կարեւորութեան վրայ ընդծելով, որ Սուրբ Գիրքը մեր կեանքը դիմակալելու համար սնուցումն է ինչպէս նաեւ սիրոյ նամակն է, զոր Աստուած դարեր ի վեր հասցուց ամէն ժամանակուան այդ մարդոց եւ կանանց։
Նորին Սրութիւնը նկատել կու տայ որ այդ հատորի էջերուն մէջ կարող ենք տեսնել քրիստոնէութեան մէկ ճշմարտութիւն մը, որ միշտ արդի եւ պտղաբեր է մատնանշելով, որ Յիսուս ոչ միայն խօսեցաւ յաւիտենական կեանքի մասին այլ զայն նուիրեց։ Յիսուս ոչ միայն ըսաւ, որ ինք Յարութիւնն է, այլ Յարութիւն տուաւ Ղազարոսին, որ մեռած է երեք օրերէ ի վեր»։
Նախաբանին մէջ Սրբազան Հայրը կը նշէ, թէ ի վերջոյ մենք բոլորս Ղազարոսներ ենք։ Մենք բոլորս Յիսուսի բարեկամներ ենք, մենք եւս երբեմն մեռած ենք մեր մեղքերուն, պակասութիւններուն, անհաւատարմութեան պատճառաւ։ Սակայն Յիսուս չվախնար մեր մօտը գալէն, նոյնիսկ եթէ մենք «կը հոտինք» երեք օր թաղուած մեռեալի պէս»։
Նորին Սրբութիւնը դիտել կու տայ, որ կարդալով Հայր Ժէյմսին վերլուծութիւնը ձեռքով կը դպչինք Յիսուսին մահուան դիմաց ժեսթին խոր իմաստը, մեռեալ մը որ քէշ հոտ կ՝արձակէ եւ փոխաբերութիւնն է ներքին բտածութեան, զոր մեղքը մեր մէջ կը յառաջացնէ։ Յիսուս չվախնար մեղաւորին մօտենալէն, Ան ունի միայն մէկ մտահոգութիւնը, այն է որ ոչ մէկը կորսուի եւ ոչ մէկը կորսնցնէ Աստուծոյ Հօր սիրալիր ողջագուրումը զգալու կարելիութիւնը» կը նշէ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ մենք բոլորս ունինք ելակէտ, մեր մարդկային ծնունդը, սակայն մեր կեանքը նուիրուած է անսահմանութեան։ Եւ այն ինչ որ Սուրբ Գիրքը կը կոչէ «Յաւիտենական կեանք, այդ կեանքն է որ մեզ կը սպասէ մահէն ետք եւ արդեն հոս իսկ մեր ձեռքով կը դպչինք, երբ որ զայն կ՝ապրինք ոչ թէ եսասիրութեան մէջ, այլ սիրոյ մէջ որ մեր սիրտը կ՝ընդլայնէ։
«Մենք ստեղծուած ենք Յաւերժութեան համար։ Ղազարոսը՝ շնորհիւ Հայր Մարթինի այս էջերուն մեր բարեկամն է ու անոր Յարութիւնը մեզի կը յիշեցնէ եւ ու վկայէ այդ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ