Որոնել

ITALY-G7-DIPLOMACY-SUMMIT

Սրբազան Պապին Մեծ Եօթնեակի մասնակցութեան օրակարգը

Ֆրանչիսկոս Պապ առաջին Քահանայապետն է, որ կը մասնակցի այսպիսի բարձր մակարդակով գագաթնաժողովի մը, որուն առիթով նախատեսուած անոր ելոյթը արհեստական բանականութեան նիւթի մասին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վաղը` ուրբաթ 14 Յունիս 2024 ին Ֆրանչիսկոս Պապը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Իտալիոյ Կառավարութեան նախագահութեամբ կազմակերպուած Մեծ Եօթնեակի գագաթնաժողովին, որ նուիրուած է արհեստական բանականութեան եւ սկիզբ առաւ 13 Յունիսին եւ պիտի աւարտի 15 յունիսին, Իտալիոյ հարաւային շրջանի Փուլիա մարզի «Borgo Egnazia» համալիրին մէջ, ուր Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի հանդիսանայ առաջին Քահանայապետը, որ կը մասնակցի այսպիսի բարձրաստիճան հաւաքի մը։

Նորին Սրբութիւնը Վատիկանէն կը մեկնի ինքնաթիռով առաւօտեան ժամը 11ին եւ գագաթնաժողովի վայր կը ժամանէ մէկ ու կէս ժամ թռիչքէ ետք` 12.30ին, ուր կը դիմաւորուի Իտալիոյ Վարչապետ Ճորճա Մելոնիի կողմէ հուսկ կը փոխադրուի իրեն յատկացուած բնակարան, ուր նախատեսուած են երկկողմ հանդիպումներ` «International Monetary Fund » ի Ընդհանուր Տնօրէն Տիկ Քրիսթալինա Ճորճայեւա, Ուքրանիոյ հանրապետութեան Նախագահ Տիար Վոլոտիմիր Զելենսքիի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Էմմանուէլ Մաքրոնի, եւ Գանատայի Վարչապետ Ժասթին Թրուտոյի հետ։

Ժամը 14.05 Վարչապետ Մելոնին` Borgo Egnazia-ի գաւիթին մէջ պաշտօնապէս կ՛ողջունէ Քահանայապետը, որ ապա «Արենա» սրահին մէջ կը մասնակցի Մեծ Եօթնեակի բաց Նիստին որուն առիթով ներկաներուն կ՛ուղղէ իր պատգամը։

Ժամը 17.30 նախատեսուած է մասնակցողներուն պաշտօնական նկար, որուն կը յաջորդեն այլ երկկողմ հանդիպումներ` Քենիայի նախագահ Տիար Ուիլիամ Սամոէյ Ռութոյի, Հնդկաստանի Վարչապետ Տիար Նարենտա Մոտիի, ԱՄՆ-ի նախագահ Ժոզէֆ Պայտընի, Պրազիլի նախագահ` Լուիս Ինիացիօ Լուլա Տա Սիլվայի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիպ Էրտողանի, ապա Ալճերիոյ նախագահ` Ապտելմաժիտ Թէպպունէի հետ։

Նորին Սրբութեան մեկնումը նախատեսուած է երեկեան ժամը 19.45 մինչ Վատիկան ժամանումը 21.15-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2024, 12:45